ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
§Բարձրանալ պարտ է Որդւոյ մարդոյ։
Զի ամենայն որ հաւատայ ի Նա ընկալցի
զկեանսն յաւիտենականս¦
§Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ,
որպէսզի Անոր հաւատացողը
յաւիտենական կեանք ունենայ¦
(Յհ 3.14)
Տէր Յիսուսի այս խօսքերուն մէջ է, որ կը գտնենք այսօրուան իմաստը։ Եկեղեցին, զանազան առիթներով կը յիշեցնէ մեզի Խաչի խորհուրդը, եւ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Խաչին հետ առնչուած ճշմարտութիւններ։ Որովհետեւ, Խաչը քրիստոնեային համար նշանակութիւն մը ունի։
Խաչը երեւելի ամենաբարձր արժէքն է քրիստոնեայ հաւատացեալին համար։
Խաչը - չարչարանքի այն ամենատաժանելի ու ատելի գործիքը, սոսկալի մահուան այդ նողկալի առարկան…
Ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ այդ ցաւի ու տառապանքի գործիքը պիտի վերածուէր ուրախութեան ու սրբութեան բաղձալի նշանի մը, կամ թէ անոր պատճառած արցունքը տեղը պիտի ձգէր բերկրութեան։
Այո՛, Խաչը տարբեր իմաստ ստացաւ, որովհետեւ Քրիստո՛ս անցաւ այնտեղէն՝ բանալով նոր կեանքի մը ճանապարհը, եւ այսպիսով սրբագործուեցաւ խաչը։
Ուշադիր եղա՞ծ էք բնաւ. ծաղկազարդեալ է Հայ Առաքելական եկեղեցիին խաչը։ Չկայ անոր վրայ խաչեալ Քրիստոսի կերպարը։
Որովհետեւ, Խաչը այլեւս մահը չի յիշեցներ մեզի, այլ նո՛ր կեանքը, յաւիտենականութեան ճանապարհը։
Իսկ այդ նոր կեանքը հայթայթելու միակ ու անպայմանօրէն իրագործելի ճամբան էր՝ Քրիստոսի խաչին վրայ բարձրանալը։
Բարձրանալու գաղափարը Քրիստոնէութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի։ Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ պղնձեայ օձը բարձրացուց, որպէսզի թունաւորուածներ բժշկուին, այնպէս ալ Քրիստոս խաչին վրայ բարձրացաւ, որպէսզի բժշկուին մարդիկ, որոնց հոգիները թունաւորուած էին չարին բազում պատրանքներէն։
Իսկ մենք ինչպէ՞ս կրնանք հասնիլ այդ աստուածային բարձրութեան։
Քրիստոս գիտէր, թէ եկած էր բարձրանալու խաչին վրայ, եկած էր հրաւիրելու եւ Իր հետ բարձրացնելու Իրեն հաւատացողները դէպի այն կատարելութեան գագաթը։ Ան, ամէն տեսակի զոհողութիւն յանձն պիտի առնէր՝ աստուածային անհասանելի ծրագրին իրագործման համար։
Ուրեմն, բարձրանալու համար առաջնահերթ պայման է զոհողութիւնը եւ համբերութիւնը։
ա. Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. §Քրիստոս մեզ սիրե՛ց եւ մեզ փրկելու համար ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս զոհ¦ (Եփ. 5.2)։ Սիրո՛յ արդիւնքն է զոհողութիւնը։ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ Իր միածին Որդին տուաւ (Յովհ. 3.16)։ Խաչի խորհուրդին բանալին է զոհողութիւնը։ Քրիստոս ինքզինք ընծայելու զոհողութիւնը ցուցաբերեց։ Մենք, այսօր, յանձն չենք առներ դոյզն իսկ զոհողութիւն, կ՚ուզենք ունենալ ամէն ինչ առանց ջանք թափելու՝ պատրաստ, անվճառ։ Փոխարժէք տալու գաղափարը այնքան հեռու է մեզմէ, որ կը դժուարանանք հասկնալու, թէ Քրիստոս որքա՜ն մեծ զոհողութիւն մը ըրաւ, թէ որքա՜ն բարձր գին մը վճառեց մեզի համար՝ Իր արիւնը, կաթիլ-կաթիլ, խաչին վրայ անարգաբար... Պէտք չէ միայն խնդրենք Աստուծմէ, այլ նաեւ տանք փոխարէնը։ Քրիստոս այսօր մեր իւրաքանչիւրէն այնքան ալ մեծ զոհողութիւն չի պահանջեր. միայն սիրել զԱստուած, սիրել մեր բարեկամներն ու նաեւ մեզ ատողները. սիրել Խաչը՝ զոհողութեան խորհրդանիշը, ինչպէս Ինք սիրեց, եւ հետեւիլ Իրեն՝ այդ ճամբէն ընթանալով։ Խաչին վրայ բարձրանալով, Տէր Յիսուս մեր առջեւը լայն բացաւ դէպի վեր տանող դուռը։
բ. Սուրբ Գիրքը համբերութեան անհամար օրինակներով ու պատգամներով լեցուն է։ Սակայն մէ՛կ օրինակ, մէ՛կ կենդանի օրինակ միայն բաւարար է, որ Քրիստոսն է։ Ան համբերեց նախատինքներու, Ան համբերեց հալածանքներու, Ան համբերեց չարչարանքներու, եւ վերջապէս, Ան համբերեց մահուան։ Համբերութեան գերագոյն օրինակը հանդիսացաւ մեզի ու ըսաւ՝ §Ձեր համբերութեամբ պիտի փրկէք ձեր հոգիները¦ (Ղկ 21.19)։ Մենք ի՞նչ բանի եւ որքանո՞վ կը համբերենք այսօր։ Որքա՞ն կը համբերենք աննշան նեղութիւններու դիմաց իսկ։ Եւ Ան, համբերելով բարձրացաւ խաչին վրայ ու նաեւ համբերութեան անգերազանցելի օրինակը հանդիսացաւ մեզի։
Եկէ՛ք, սիրելի ժողովուրդ, այսօր յիշենք այն ուխտը, զոր Քրիստոս կնքեց խաչին վրայ՝ Իր սրբարար արիւնով. այդ ուխտի արիւնով կաթիլկաթիլ վճառեց մեր մեղքերուն փոխարժէքը. Իր արեան կաթիլներով մաքրագործեց մեր լճացած մեղքերը. բարձրացաւ խաչին վրայ ու բարձրացաւ խաչէն ալ վեր, որպէսզի բարձրացնէ նաեւ մեզ. եւ ըրաւ այս բաները կամաւորապէս՝ զոհողութեան հոգիով։
Եկէ՛ք, այսօր սկսինք պայքարիլ, աշխարհի թոյներուն դէմ, որպէսզի ազատագրենք մեր հոգիները մեղքէն ու բժշկենք զանոնք։ Մենք ի՞նչ բանի պէտք ունինք, այս դարուն, եթէ ոչ առնել մեր խաչերը, բարձրացնել ու բարձր պահել մեր կեանքի տեւողութեան ընթացքին, հետեւիլ Քրիստոսի՝ խաչի ճանապարհին եւ զետեղել Խաչը իր արժանի բարձրութեան, նաեւ տէր եւ պահապան կանգնիլ այդ քրիստոսաւանդ սրբութեան։
Սկսինք ամենէն հիմնականէն. վերյիշենք Քրիստոսի պատգամը, որ կը կանչէ մեզ սիրելու զիրար։ Տարածենք մեր սէրը, տարածենք Քրիստոսի խօսքերը ամէնուրեք։ Չբաւարարուինք մեր վիզերէն գոյնզգոյն խաչեր կախելով միայն. այն խաչերը թող ստանան մեր մորթերուն գոյնը։ Այն խաչերը թող զարդարեն ու գեղեցկացնեն նաեւ մեր հոգիները։ Այդպիսով պիտի դառնանք խաչի ուխտաւորներ։
Եկէ՛ք այսօր, համբերութեան ու զոհողութեան հոգիով գամենք մեր մեղքերը, սնոտի խաբէութիւններն ու ցանկութիւնները խաչին վրայ, ուր անոնք պիտի ծաղկին եւ վերածուին բարձր արժէքներու։ Ազատենք մեր հոգիները խաւարին գերի ըլլալէ ու վերացնենք առ Աստուած։ Աւիշ ստանանք Քրիստոսի կենդանարար արեան կաթիլներէն, որ §յաղագս մեր եւ բազմաց հեղանի¦ եւ ապաւինինք Խաչին՝ հաւատալով անոր պահպանարար ոյժին եւ §ցնծութեամբ երգենք¦, ըսելով՝ §Զօրութիւն սուրբ խաչի քո Քրիստոս, որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի. սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ¦. Ամէն։
Թաթուլ Ծ. Վարդապետ
|