ՔԱՐՈԶ
(3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝
յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի։
(Յով. 6.47)
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր քարոզչութեան ընթացքին բազմիցս ցոյց տուած էր իր Աստուածային եւ Մեսիական հանգամանքը, թէ՛ իր խօսքերով եւ թէ՛ իր գործերով։ Սակայն հրեաներ, մանաւանդ Փարիսեցիներ եւ օրէնքի ուսուցիչներ կը համարէին չճանչնալ զայն, որպէս Աստուծոյ Որդի՝ Քրիստոս եւ Փրկիչ։
Այսօրուան Աւետարանական բաժինն ալ նման պարագայի մը կ՚ակնարկէ։ Յիսուս §Ես եմ երկինքէն իջած հացը¦ կ՚ըսէ եւ հրեաներ կը շուարին եւ կը զայրանան։ Իրենց համար շատ յստակ է այն խօսքին իմաստը։ Յիսուս ինքզինք կը դասէ այնպիսի բարձրութեան մը վրայ, որ ո՛չ մէկ մահկանացու կրնար յանդգնիլ։ Իրարու հարցնել կը սկսին, թէ §սա չէ՞ Յովսէփի որդին¦, §ինչպէ՞ս կ՚ըսէ թէ երկինքէն իջած է¦։ Սակայն անոնք իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնէին այնպիսի հարցի մը վրայ, որ կարելի չէր իրենց համար քննել ու ապացուցանել թէ ճիշտ էր կամ՝ ո՛չ։ Դժբախտաբար այսպիսով կը կորսնցնէին Տէր Յիսուս Քրիստոսի բուն պատգամը, որ Ան կ՚ուզէր տալ անոնց. §Ան որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ¦։ Յիսուս բացայայտ կերպով ցոյց կու տար յաւիտենական կեանքի եւ փրկութեան ճամբան §Հաւատալ Իրեն¦։ Ան ոչ միայն իր խօսքերով կը քարոզէր այլ նաեւ իր գործերով ու մեծ նշաններով կ՚ապացուցաներ թէ Աստուսծ Իր հետ էր ու իր խօսքերը ճշմարիտ էին եւ բոլորովին արժանի՝ հաւատալու։ Սակայն հրեաներ ապաւինելով իրենց օրէնքին, կը կարծէին թէ օրէնքը տեղը բերելով կարելի էր փրկուիլ։
Սիրելիներ,
Մենք չենք ծնած միայն այս աշխարհի վրայ որոշ ժամանակ մը ապրելու եւ ապա մեռնելու, թաղուելու եւ մոռացութեան մատնուելու համար։ Ոչ ալ կ՚ապրինք պարզապէս աշխարհի վրայ յիշատակ մը թողելու համար։ Մենք ծնած ենք յաւիտենապէս ապրելու համար, ինչպէս Հաւատամքի մէջ ալ կ՚ըսենք. §Հաւատամք… եւ ի կեանսն յաւիտենականս¦ (կը հաւատանք… յաւիտենական կեանքին)։ Ամէն ոք այսպէս կամ այնպէս պիտի անցնի յաւիտենական կեանքին։ Աստուած մեզի համար պատրաստած է երկնային յաւիտենական օթեւաններ՝ նոյն ինքն Երկինքի Արքայութիւնը, ուր ոչ մէկ տեսակի տրտմութիւն եւ չարութիւն տեղ ունի։ Ան մեզի համար պատրաստած է §Վերին Երուսաղէմ¦ը, ուր կատարեալ խաղաղութիւն եւ Աստուածային ներկայութեան յաւիտենական վայելումը կայ։ Սակայն Աստուած սուրբ է եւ մեղքը անոր հետ ոչ մէկ առընչութիւն ունի։ Մեղաւոր մարդը չի կրնար Աստուծոյ մօտենալ եւ ոչ ալ ժառանգել անոր Արքայութիւնը եւ յաւիտեան կեանքը։ Իսկ Յիսուս Քրիստոս, որ ղրկուած է Հօրմէ՝ մեր փրկութեան համար, կ՚ուզէ մեզի հասցնել այն կեանքին։ Այս իսկ պատճառով է, որ ան խաչուեցաւ մեզի համար, որպէսզի մեր մեղքերուն փրկագինը վճարէ եւ խաչին վրայ թափած Իր Արիւնով մենք մաքրուինք մեր մեղքերէն եւ կարենանք մօտենալ Աստուծոյ։ Անով փրկուեցանք եւ յաւիտենականութեան դռները բացուեցան։ Հայր Աստուած միակ մէկ պայման դրաւ այս փրկութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը ընդունելու համար. §Հաւատալ Յիսուս Քրիստոսին¦։ Ասկէ դուրս, որեւէ ուսուցում դատարկ է, սուտ եւ անօգուտ։ Յիսուս յստակօրէն կ՚ըսէ. §Ան որ Աստուծմէ կը լսէ Ինծի կու գայ¦։ Այսօրուան պատգամը մեզի կը հրաւիրէ մեր ուշադրութիւնը սեւեռելու ճշմարիտին եւ օգտակարին վրայ։ Դժբախտաբար մեզմէ շատեր իրենց ուշադրութիւնը կը սեւեռեն այնպիսի նիւթերու վրայ, որ կարելի չէ բացատրել ու մարդու կեանքին որեւէ օգուտ չի բերեր։
Սիրելիներ,
Ունի՞ս այն հարցումը, թէ §ինչու ծնած ես¦ եւ գոհացուցիչ պատասխան մը չես գտներ։ Ունի՞ս դժուարութիւն այն խորհուրդին հետ, որ օր մը ամէն ինչ պիտի թողուս եւ չես կրնար պատասխանել թէ կեանքդ քեզի ո՞ւր կը տանի։ Ունի՞ս այնպիսի նպատակներ, որոնց երբ հասնիս արդէն իրենց իմաստը կը կորսնցնեն։ Եթէ §այո¦ է քու պատասխանդ, ժամանակն է աչքերդ դարձնելու դէպի Յիսուս Քրիստոս, դէպի Կեանքի Հացը, որ կ՚ուզէ քեզի յաւիտենական կեանք տալ։ Երբ կը մօտնեաս Սուրբ Հաղորդութեան այսինքն Քրիստոսի Մարմնին եւ Արեան մտքիդ մէջ ըսէ. §Եկուր Տէր Յիսուս Քրիստոս եւ լուսաւորէ, մաքրէ եւ նորոգէ զիս։ Ցոյց տուր ով Տէր քու ճշմարտութիւնդ ինծի¦։ Երբ առօրեայ կեանքիդ մէջ կը տարուբերիս կեցիր եւ կանչէ զայն. §Տէր Յիսուս օգնէ ինծի¦։ Կեանքիդ մէջ պահ մը թող ամէն ինչ անկիւն մը եւ կեցիր ու մտածէ կեանքիդ նպատակին համար եւ դարձեալ նայէ Յիսուս Քրիստոսին եւ ըսէ §Ցոյց տուր ինծի Տէր թէ ինչ է Քու կամքդ իմ կեանքիս համար¦։ Ան գիտէ մեր կեանքերը նորոգել, մեզի փոխել ու մեզի յաւիտենական կեանքի ճամբաներու մէջ առաջնորդել։
Տիրոջ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհքները մեր բոլորին հետ ըլլան։ Ամէն։
ՏՐԴԱՏ ՔՀՆՅ. ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ
|