Քա՛ւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն:
(Գաղատ. 6.14)
 

Արխիվ
Փաստաթուղթեր
Կարճ լուրեր
Եկեղեցական
Համայնքային
Միջեկեղեցական
Միջկրօնական
Կրօնական
Աշխարհական








ՔԱՐՈԶ

(17 Օգոստոս 2008)

 

§Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է։

Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես¦

(Ղուկ. Ա.28)։ 

 

   Աստուածածնին նուիրուած կարեւորագոյն տօնը կը նկատուի Աստուածամօր վերափոխման տօնը, զոր հայ եկեղեցին կը նշէ 15 Օգոստոսի մօտաւոր կիրակի օրը։ Նոյն օրը կը կատարուի նաեւ աւանդական խաղողօրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը։

   Ըստ աւանդութեան Սուրբ Կոյսը Յիսուսի յարութենէն մօտաւորապէս 15 տարիներ յետոյ կը մահանայ Երուսաղէմի մէջ։ Առաքեալները Սրբուհիին մարմինը կ՚ամփոփեն գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, ուր հրեշտակները երեք օր շարունակ կ՚երգեն Տիրամօր գերեզմանին վրայ։ Բարթողոմէոս Առաքեալը, որ ներկայ գտնուած չէր Աստուածամօր թաղման, կը փափաքի գոնէ վերջին անգամ տեսնել զայն։ Առաքեալները ընդառաջելով առաքելակից իրենց եղբօր այս փափաքին կը բանան գերեզմանը եւ կը գտնեն զայն թափուր, որմէ կը հետեւցնեն անոր երկինք վերափոխումը։ Ուստի այս իսկ պատճառով Աստուածամօր երկրաւոր կեանքի վախճանը կ՚որակուի ննջում բառով։

   Ո՞վ էր Սուրբ Կոյս Մարիամ։ Պատասխանը պարզ է, ան Աստուածամայրն է, Աւետարանիչին բառերով այն կինը, որուն վրայ առատօրէն իջան Աստուծոյ շնորհները։ Այս պատճառով Սուրբ Կոյսը եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիսանայ առաջին այն սուրբը, որ կ՚ընտրուի Աստուծոյ կողմէ, դառնալու համար այն օրհնեալ կինը, որ Ամենասուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ կը ծնի Աստուածորդին՝ Յիսուս մանուկը, ամբողջ աշխարհի Փրկիչը։ Ո՞վ էր Մարիամ։ Մարիամը այն հաւատաւոր կինն էր, որ իր մաքուր կեանքով ու Աստուծոյ երկիւղով լիուլի կը կատարէր մայրական իր պարտականութիւնները՝ միշտ հնազանդ ըլլալով Տիրոջ կանչին։

   Աստուածածնի տօնին, եկեղեցին ոչ միայն կ՚ոգեկոչէ անոր խնկելի յիշատակը, այլ նաեւ մասնաւոր ձեւով շեշտը կը դնէ Մարիամի մայրական կերպարին վրայ։ Իսկապէս ան, բառին լման առումով եղաւ աննման ծնող մը, որ միշտ ներկայ գտնուեցաւ Յիսուսի կողքին, աջակից ըլլալով Անոր լռութեամբ եւ իր բարոյական ներկայութեամբ։ Իսկապէս Սուրբ Կոյսը ինչ մեծ հաւատքով Աստուծոյ ընծայաբերելու համար Յիսուս մանուկը տաճար կը տանի։ Աստուածամայրը Յիսուսի անձին նկատմամբ այս խնամքը կը շարունակէ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Յիսուս կը ձեռնարկէ Աստուծոյ խօսքը տարածելու Իր առաքելութեան։ Օրինակ, Կանայի հարսանիքի ժամանակ կը յիշեցնէ իր որդիին, որ գինին սպառած է։ Ան կը դառնայ սպասաւորներուն ու Յիսուսը ցոյց տալով անոնց կ՚ըսէ §ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք¦ (Յովհ. Բ.5)։

   Եկեղեցին կը շարունակէ տօնախմբել Տիրամօր նուիրուած տօները, որովհետեւ ան մեզի կը ներկայանայ որպէս  անսպառ ներշնչումի աղբիւր մեր հաւատքին։ Այո, եթէ մենք բացարձակ վստահութիւն եւ հաւատք ցոյց տանք Աստուծոյ հանդէպ եւ թողունք որ Ան գործէ Իր կամքին համաձայն, այն ատեն Տէրը մեր անձերուն միջոցաւ ի վիճակի պիտի ըլլայ արձանագրելու հսկայական իրագործումներ եւ յաջողութիւններ։ Սուրբ Կոյսը ասոր լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ, որ եղաւ այն պատուհանը՝ որմէ մեր խաւար աշխարհը թափանցեց Աստուածային լոյսը։ Աստուածամայրը նմանեցաւ օրհնեալ ու պարարտ հողի մը, որ իր արգանդը բացաւ մարդկութեան Փրկիչ մը եւ խաղաղութեան ու սիրոյ իշխան մը տալու համար։ Ան արժանի է բոլոր ժամնակներու եւ ամբողջ մարդկութեան փառաբանութեան ու յարգանքին, որովհետեւ անոր մեծութիւնը կը կայանայ անոր խոնարհ սրտին եւ համեստ անձին մէջ երբ ան հրեշտակին կ՚ըսէր §Ահա ես Տիրոջ աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի¦ (Ղուկ. Ա.38)։

   Վերափոխման այս սուրբ տօնին, մինչ շնորհազարդ Սուրբ Կոյսին երկրաւոր ու փառաւորեալ մարմինը կը փոխադրուի երկինք, ան տակաւին աղօթքներով ու բարեխօսութիւններով կը շարունակէ օգնել իր Որդւոյն հիմնած եկեղեցւոյ բոլո՜ր անդամներուն։

   Թող օրհնեալ ըլլայ յիշատակը Սուրբ Կոյսի։ Աստուածածնի վերափոխման այս տօնը հոգեւոր վերածնունդի հրաւէր մըն է ուղղուած բոլորիս եւ առաւելաբար բոլոր մայրերուն, որպէսզի Աստուածամայրը ըլլայ մեր կեանքի ճշմարիտ օրինակը։ Ամէն։

  

   Զաքէոս Ծ.Վրդ. Օհանեան

ՕՐԱՑՈՅՑ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԻ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (27 Դեկտեմբեր 2009)
Ապրիս բարի ծառայ (Ղուկաս 19.17)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Նոյեմբեր 2009)
Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ եւ անհանդուրժողութենէ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (13 Սեպտեմբեր 2009)
"Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ" (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (16 Օգոստոս 2009)
Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի (Ղուկաս 1.38)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Օգոստոս 2009)
Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են
Շար.

ՔԱՐՈԶ (2 Օգոստոս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Յուլիս 2009)
Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան բայց Յիսուս (Մատթ. ժէ.8)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (12 Յուլիս 2009)
Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը (Մատթ. 14.16)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Յուլիս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Յունիս 2009)
Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս (Մատ. 12.41)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Յունիս 2009)
Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ (Մատ. 12.6)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Մայիս 2009)
Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան (Յովհ. 9.39)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Մայիս 2009)
Ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ (Յհ. 7.18)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Մայիս 2009)
Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար (Յովհ. Ե. 29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Ապրիլ 2009)
Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել (Յով. 3.3)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Ապրիլ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (22 Մարտ 2009)
Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք (Շարական)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Մարտ 2009)
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ (Ղուկաս 16.9)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Մարտ 2009)
Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը (Ղուկաս 15.12)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Մարտ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Փետրուար 2009)
Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ (Յովհ. 7.37)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦ (Յհ. 6.29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Փետրուար 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (14 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Նոյեմբեր 2008)
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի (Ղուկաս Ը.50)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Սեպտեմբեր 2008, Վարագայ Խաչ)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Սեպտեմբեր 2008)
Շար.

ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (31 Օգոստոս 2008)
"Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (24 Օգոստոս 2008)
"Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ" (Ղկ. 1.45)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Օգոստոս 2008)
"Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես" (Ղուկ. Ա.28)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Օգոստոս 2008)
"Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի (Յով. 6.47)
Շար.

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն: Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը:
Շար.

Հիմնական էջ | Մեր մասին | Կապ | Oգնութիւն
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr