The LORD tests the righteous, and He hates the wicked and the one who loves violence.
Psalm 11:5
 

Archive
Documents
Church
Community
Ecumenical
Inter-Religious
Religious
Temporal








ՔԱՐՈԶ

(21 Սեպտեմբեր 2008)

 

§Անոնք երկու չեն այլ մէկ մարմին¦

(Մրկ. 10.8)

 

Տէր Աստուած ամէն բան կատարեալ ստեղծեց եւ իր ստեղծածներուն նայեցաւ եւ տեսաւ որ բարի են։ Աստուած խորհեցաւ թէ §Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ։ Անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար¦։

 

Տէր Աստուած Ադամին կին եւ օգնական ըլլալով կինը ստեղծեց եւ այսպէս ամուսնութեան առաջին հիմերը դրուեցաւ Եդէմի պարտէզին մէջ։

 

Ամուսնութիւնը Աստուածակեդրոն է։ Այլ խօսքով, ամուսնութիւնը մարդուն կողմէ չէ հաստատուած, այլ՝ Աստուծոյ եւ ամուսնութիւնը վաւերացնող եւ կնքողը Աստուած ինքն է։

 

Այրը եւ կինը կեանքի պայքարին մէջ իրար կ՚ամբողջացնեն։ Մէկը միւսին համար եւ երկուքը միատեղ Աստուծոյ համար կ՚ապրին։

 

§Երկու հոգին մէկէն աղէկ է։ Եթէ անկում ունենան մէկը միւսին նեցուկ կ՚ըլլայ։ Բայց վա՜յ ինկող մէկուն, որ զինք վերցնող երկրորդ մը չունի¦ (Գիրք ժողովի 4.10)։

 

§Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չկտրուիր¦ (Գիրք ժողովի 4.12) կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը։ Այր, կնոջ եւ Աստուծոյ ակնարկելով այս երեքին յարաբերութեան մասին կը խօսի։ Ամուսնութիւնը Այրը, Կինը եւ Տէրը անբաժան կը կապէ իրարու։

 

Եկեղեցին միմիայն այր եւ կնոջ ամուսնական կեանքին օրինաւոր կարգավիճակ չի սահմաներ կամ պարզ միութիւն մը չէ որ կը հաստատէ, այլ նաեւ այդ միութիւնը կ՚ըմբռնէ ճիշդ այդպէս, ինչպէս Քրիստոսի միութիւնը իր եկեղեցւոյ հետ։ Այս է պատճառը որ եկեղեցին խորհուրդ կ՚ընդունի ամուսնութիւնը։

 

Պօղոս Առաքեալ ամուսնութեան մասին կը գրէ Եփեսացիներուն հետեւեալը՝

 

Քրիստոնեաներ ամուսնութիւնը նկատելու են կատարելապէս սիրոյ արտայայտութիւն մը, եթէ այր եւ կին սիրով չեն միացած եկեղեցին կ՚արատաւորուի։ Որովհետեւ ոչ ոք ինքզինք կ՚անարգէ, ընդհակառակը կը խնամէ ինքզինքը։ Կը դարմանէ իր անձը եւ ուրեմն՝ կինը, որ իրեն միացած է, իր իսկ անձն է այնուհետեւ։

 

Այր եւ կնոջ միութեան այսպիսի ըմբռնում մը ամենէն գեղեցիկ նմանութիւնն է Քրիստոսի Իր Եկեղեցւոյ հետ ունեցած միութեան։

 

Քրիստոս անբաժան է Իր եկեղեցիէն։ Ան, §միշտ ընդ ձեզ եմ¦ ըսաւ։ Չեն կրնար բաժնուիլ նաեւ այր եւ կին որոնք միացած են այնպէս ինչպէս Տէրը իր եկեղեցիին հետ։

 

Աստուած §Կ՚ատէ կին արձակելը¦ (Մաղ. 2.16)։ Կնոջ արձակումը մէկդի ձգեցէք, Տէր Աստուած անոնց հանդէպ սիրոյ եւ հաւատարմութեան մէջ մնալ կը պատուիրէ։

 

Որովհետեւ բոլոր ամուսնալուծումներու եւ անհաւատարմութիւններու պատճառը խիստ եւ սէր չբուրող սրտի մը արդիւնքն է։

 

Սէր չունեցող սիրտը անհաւատ եւ անաստուած անձ մը խորհրդանշէ։

 

Ամուսնութեան հիմը կազմող սէրը արեւու պէս է։ Ան կը տաքցնէ, կը կենդանացնէ այդ միութիւնը։ Այսօր եթէ քննենք ամուսնութիւնները, պիտի տեսնենք որ ամուսնութեան արեւը իր տաքութիւնը եւ լոյսը սկսած է կորսնցնել։

 

Այսօր §ամունացա՞ծ էք¦ հարցումին §ամունացած եմ¦ պատասխանելը անբաւարար է։ Ինչո՞ւ ամունացած ենք եւ մեր պաշտօնները եւ պատասխանատուութիւնները ինչե՞ր են պէտք է գիտնանք։

 

Ամուսնութիւնը մինչեւ մահ վաւերացուած ուխտ մըն է։ Մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք ամուսնութեան ուխտին։

 

Մեր այս հաւատարմութիւնը Աստուծոյ հաճելի է եւ նոր սերունդներուն օրինակ պիտի ըլլայ։

 

Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան


Home | About | Contact | Help
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr