The LORD tests the righteous, and He hates the wicked and the one who loves violence.
Psalm 11:5
 

Archive
Documents
Church
Community
Ecumenical
Inter-Religious
Religious
Temporal








ՔԱՐՈԶ

(5 Հոկտեմբեր 2008)

 

§Ինչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները։

Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ¦

(Մարկոս 11.28)

 

Այս խօսքերն էին, որ քահանայապետները ուղղեցին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին երբ տեսան Անոր կատարած հրաշքներն ու գործերը։

Վերոյիշեալ խօսքերը, ընդհանրապէս, քրիստոնեաներու կողմէ կը նկատուի հրէական անհաւատութիւն եւ այս բաժինը մեծաւ մասամբ նուազ նկատի կ՚առնուի հաւա­տաց­եալներու կողմէ։ Բնաւ մենք զմեզ չենք վերագրեր Մարկոս 11.27-33 համարներու մէջ պատմուած դէպքը։ Բնական է։ Քրստոնեայ ենք եւ ընդունած ենք Յիսուս Քրիստոսը։ Գիտենք թէ ո՛ր իշխանութեամբ կը կատարէ այս գործերը եւ ո՛վ տուաւ այդ իշխանութիւնը իրեն։ Ան Քրիստոսն է, Տէրը, Փրկիչը եւ մեր Աստուածը։ Ան Հօրմէ առած է բոլոր իշխանութիւնը եւ ոյժը։ Ան Աստուծոյ Խօսքը՝ §Բան¦ն է։ Գիտենք եւ կը հաւատանք թէ այսպէս է, ինչպէս կը սորվեցնէ մեր հաւատամքը, արարողութիւնները, եկեղեցին եւ վերջապէս Սուրբ Գիրքը։ (Բնականաբար այստեղ նկատի չունինք անոնք որոնք չեն ընդունիր Քրիստոսի մասին վերոյիշեալ ուսուցումը։ Մենք այժմ կը կենդրոնանանք հաւատացեալներու մօտեցումին վրայ, որովհետեւ հարցումը կու գայ ոչ թէ անհաւատէ մը. Այլ քահանայապետներէ)։

Սակայն սիրելիներ, եկէք հարցը քննենք այլ երեսակէ մը։ Արդեօք մեզի չի՞ վերաբերիր տուալ համարներու հաղորդած պատգամը։ Կատարենք փոքրիկ փոփոխութիւններ։ Քահանայապետներուն տեղ դնենք մարդկային մեղաւոր բնութիւնը, ապստամբ կամքը եւ ինքնիշխանութեան անվերջանալի տենչը։ Յիսուս Քրիստոսի տեղ ալ դնենք Անոր պատգամները, որ հրահանգիչ են մեր անձնական կեանքին վրայ։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը ըսել Քրիստոսին §Ո՞ր իշխանութեամբ կ՚ընես¦ եւ գիտնալ անոր կամքը, բայց ըսել թէ՝ §ես իմ ուզածս կ՚ընեմ¦։ Միթէ երկուքն ալ Անոր իշխանութիւնը մերժել չէ՞։ Մէկու մը իշխանութիւնը հարցաքննել կամ չընդունիլ նոյն հետեւանքը չո՞ւնենար։ Բաւ է միայն ըսել թէ Յիսուս Քրիստոսը կ՚ընդունիմ, սակայն չկատարել Անոր կամքը։ Չէ՞ որ այսպիսի առարք մը զմեզ պիտի վերածէ կեղծաւորներու, այսինքն աւելի վատ քան անհաւատը։ Աստուած հեռու պահէ մեզմէ։

Շատ քրիստոնեաներու կը հանդիպինք, որոնք կը պարծենան թէ Քրիստոնեայ են։ Խաչ կը կախեն իրենց վիզերնէն, Եկեղեցի կ՚երթան մասնակցելու արարողութիւններու, ծոմ կը պահեն եւլն եւլն։ Լաւ են այս բաները եւ պէտք է պահուին, բայց երբ կը պակսի հիմնականը, այսինքն՝ Քրիստոսի կամքը կատարելը, գործին երեսակը կը փոխուի։ Այլեւս մենք կը նստինք մեր կեանքի աթոռին վրայ եւ կը սկսինք ըսել. §Այո, թէեւ Քրիստոս ըսած է այսինչ բանը, սակայն հիմա ես չեմ կրնար կատարել զայն...¦, §Այո, Քրիստոս կու տայ այս ուղղութիւնը, սակայն ես ուրիշ հաշիւներ ունիմ¦, §Այո, գիտեմ թէ Տէրը կ՚ըսէ այսպէս, սակայն այլեւս այս օրերուն այդ բաները կատարել կարելի չէ¦։

Դժբախտաբար, սիրելիներ, այս է համատարած դրութիւնը հաւատացեալներու մէջ։

Սակայն եթէ կ՚ըսենք թէ Քրիստոսնեայ ենք, չենք կրնար չընդունիլ Քրիստոսի կամքը։ Անոր խօսքը կեանքի օրէնք է Քրիստոնեային համար, Անոր պատգամը ուղեցոյց մըն է դէպի յաւիտենական կեանք, Անոր կամքը մեր հոգեւոր փրկութեան ճանապարհն է եւ Անոր ուղղութիւնը Աստուծոյ արքայութիւնն է։ Եթէ կ՚ըսենք թէ Քրիստոնեայ ենք, պէտք է հիմնական կերպով որոշենք քալել Անոր ուղիին մէջ ու անվերապահ կատարել Անոր կամքը։ Եթէ որոշենք Ան պիտի ղրկէ մեր պէտք ունեցած ոյժը, մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ գալով զմեզ պիտի վերածէ Աստուծոյ կենդանի տաճարներու եւ պատրաստակամ հաւատացեալներու, որոնք իրենց կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կը հետեւին Տիրոջ՝ հաւատքով եւ սրբութեամբ։

Աստուծոյ օրհնութիւնը մեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն։

 

ՏՐԴԱՏ ՔՀՆՅ. ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ

 


Home | About | Contact | Help
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr