Քա՛ւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն:
(Գաղատ. 6.14)
 

Արխիվ
Փաստաթուղթեր
Կարճ լուրեր
Եկեղեցական
Համայնքային
Միջեկեղեցական
Միջկրօնական
Կրօնական
Աշխարհական








ՔԱՐՈԶ

(26 Հոկտեմբեր 2008)

  

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այսօր՝ Վերացման Սուրբ Խաչի Եօթերորդ Կիրակիին կը տօնէ տարուայ վերջին Խաչի Տօնը՝ Գիւտ Խաչը։ Թէեւ վերջին կը տօնուի, սակայն առաջին Սուրբ Խաչի տօնն է որ կանոնականացուած է։ Երբ Կոստանդիանոս Կասրը եւ իր մայրը՝ Հեղինէն կ՚ընդունին Քրիստոնէական հաւատքը, կը լուծուին Քրիստոնէական աշխատանքի։ Հեղինէ Թագուհի կը ծրագրէ ուխտագնացութիւն մը՝ դէպի Երուսաղէմ։ Իր մտքին մէջ ունի Սուրբ Տեղերը այցելելու կարգին գտնել նաեւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Խաչափայտը։ Երբ Երուսաղէմ կը հասնի, իր հարցուփորձերուն հետեւանքով կը գտնէ Յուդա անուն հրեայ մը, որ գիտէ Խաչափայտին տեղը։ Յուդա երբ ցոյց կու տայ մեծ աղբանոց մը, ուր մօտաւորապէս երեքհարիւր տարի առաջ նետուած պիտի ըլլար մեր Տիրոջ խաչափայտը։ Հեղինէ կը հրահանգէ եւ աշխատաւորներու մեծ բազմութիւն մը կը սկսին փորել։ Երբ Հեղինէ կը տեսնէ թէ գործը դանդաղ կ՚ընթանայ իր գանձը բերել կու տայ եւ մէջէն ոսկիներ կը նետէ աղբանոցին մէջ ու կ՚ըսէ թէ՝ ով որ գտնէ պիտի տիրանայ ոսկիին։ Ուստի մարդիկ առաւել արագ կը սկսին փորել։ Ի վերջոյ կը գտնուի երեք խաչափայտեր։ Որպէսզի գտնեն բուն խաչափայտը, կը կանգնեցնեն նորոգ մեռեալ պատանիի մը մահուան թափորը եւ առնելով պատանիին անշունչ մարմինը կը դնեն խաչերուն վրայ։ Առաջինին ոչինչ կ՚ըլլայ։ Երկրորդին փոքր շարժում մը, իսկ երրորդին պատանին կը վերակենդանանայ։ Այսպէսով կը գտնեն Տիրոջ Խաչափայտը եւ զայն մեծ հանդէսով կը տանին Երուսաղէմի տաճարը։ Այս դէպքը մինչեւ այսօր կը տօնուի եկեղեցիներուն մէջ։

 

Սիրելի հաւատացեալներ,

Այս հրաշալի դէպքը մեզ կը հրաւիրէ ամէն բանէ առաջ գիտակցելու մեր Քրիստոնէական հաւատքին։ Հեղինէ չբաւարարուեցաւ սոսկ հաւատալով, այլ իր հաւատքը գործի վերածեց։ Նաեւ Գիւտ Խաչը մեզ կը յիշեցնէ գտնել մեր խաչը։ Տէր Յիսուս կըսէ. §Ով որ չի վերցներ իր խաչը ու իմ ետեւէս չի գար, ինծի արժանի չէ¦։ Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ունի իր խաչը, որ պէտք է կրէ։ Առանց խաչի չկայ Յարութիւն։ Ուրեմն մենք պէտք է գտնենք մեր խաչերը ու սիրով տանինք զանոնք, որոնք մեզ պիտի առաջնորդեն դէպի յաւիտենական կեանք։ Հեղինէի օրինակը նաեւ կը սորվեցնէ մեզի թէ ինչպէս պէտք է գտնենք մեր խաչերը։ Ան մեծ գանձ մը զոհեց խաչը գտնելու համար։ Մենք ալ եթէ կ՚ուզենք գտնել մեր խաչը, պէտք է յանձն առնենք զոհողութիւններ կատարել։ Իւրաքանչիւր անձ անպայման զոհողութիւն կը կատարէ ինչ ինչ նիւթերու համար։ Եթէ անցողականին համար զոհողութիւն կը կատարենք, ինչքա՜ն աւելին պէտք է կատարենք §անանցին¦ համար։ Հեղինէի օրինակը մեզի ցոյց կու տայ նաեւ ըլլալ համեստ անձեր։ Ան որպէսզի գտներ խաչը, յանձն առաւ աղբերու մէջ մտնել։ Թագուհիի փառքը մէկ կողմ թողուց։ Մենք ալ եթէ կ՚ուզենք հետեւիլ Խաչեալին, մեր կարծեցեալ փառքերը պէտք է անկիւն մը թողունք ու զարդարուինք համեստութեամբ։ Քրիստոնեան Խաչեալին անունը կը կրէ եւ որպէսզի արժանի ըլլայ կրած իր անունին, պէտք է Խաչեալին օրինակը իր անձին մէջ կրէ։ Այս պատճառով է, որ Տէր Յիսուս ղրկեց իր Սուրբ Հոգին, որով կը վերակենդանանանք, կը նորոգուինք եւ կը վերածուինք Խաչեալին։ Ան մեզի կու տայ կարողութիւնը ու իմաստութիւնը Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները ըլալու։ Այս է նաեւ պատճառը թէ արարողութեանց եւ մանաւանդ Սուրբ Պատարագին բազմիցս կը հայցենք Սուրբ Հոգիին շնորհքները ու ներգործութիւնը մեր կեանքերէն ներս։

 

Ուրեմն սիրելիներ,

Բանանք մեր սրտերը Խաչին վրայ Իր Հոգին երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդող մեր Տիրոջ։ Որպէսզի Ան ալ, ինչպէս խոստացաւ, խնդրէ Իր Հօրմէն, որ տայ իր Սուրբ Հոգին մեզի մեր նորոգութեան, զօրացման եւ փրկութեան համար։

 

Տիրոջ օրհնութիւնը, Երկնաւոր Հօր սէրը ու Սուրբ Հոգւոյ շնորհքները մեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն։

 

Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան

 

ՕՐԱՑՈՅՑ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԻ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (27 Դեկտեմբեր 2009)
Ապրիս բարի ծառայ (Ղուկաս 19.17)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Նոյեմբեր 2009)
Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ եւ անհանդուրժողութենէ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (13 Սեպտեմբեր 2009)
"Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ" (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (16 Օգոստոս 2009)
Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի (Ղուկաս 1.38)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Օգոստոս 2009)
Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են
Շար.

ՔԱՐՈԶ (2 Օգոստոս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Յուլիս 2009)
Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան բայց Յիսուս (Մատթ. ժէ.8)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (12 Յուլիս 2009)
Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը (Մատթ. 14.16)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Յուլիս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Յունիս 2009)
Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս (Մատ. 12.41)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Յունիս 2009)
Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ (Մատ. 12.6)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Մայիս 2009)
Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան (Յովհ. 9.39)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Մայիս 2009)
Ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ (Յհ. 7.18)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Մայիս 2009)
Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար (Յովհ. Ե. 29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Ապրիլ 2009)
Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել (Յով. 3.3)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Ապրիլ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (22 Մարտ 2009)
Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք (Շարական)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Մարտ 2009)
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ (Ղուկաս 16.9)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Մարտ 2009)
Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը (Ղուկաս 15.12)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Մարտ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Փետրուար 2009)
Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ (Յովհ. 7.37)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦ (Յհ. 6.29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Փետրուար 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (14 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Նոյեմբեր 2008)
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի (Ղուկաս Ը.50)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Սեպտեմբեր 2008, Վարագայ Խաչ)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Սեպտեմբեր 2008)
Շար.

ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (31 Օգոստոս 2008)
"Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (24 Օգոստոս 2008)
"Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ" (Ղկ. 1.45)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Օգոստոս 2008)
"Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես" (Ղուկ. Ա.28)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Օգոստոս 2008)
"Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի (Յով. 6.47)
Շար.

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն: Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը:
Շար.

Հիմնական էջ | Մեր մասին | Կապ | Oգնութիւն
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr