ՔԱՐՈԶ
(8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է.
որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦
(Յհ. 6.29)
Այսօր Քրիստոսի կենդանարար խօսքերը կրկին կը հնչեն մեր ականջներուն մէջ եւ Անոր հրաշալի վարդապետութիւնը կրկին կու գայ առաջնորդելու մեզ դէպի աղբիւրը անմահութեան։ Այսօր, Քրիստոս կը պահանջէ մեզմէ, որ Իր խօսքերը տեղ գրաւեն ո՛չ թէ մեր ականջներուն մէջ միայն, այլ՝ մեր սրտերուն, մեր հոգւոյն, այլ առումով մեր ամբողջ էութեան մէջ։
Գալիլիոյ մէջ տեղի ունեցած հացի բազմացման հրաշագործութենէն ետք մարդիկ աւելի փառած Յիսուսի, կը հետապնդէին զԱյն։ Ան, նախ կը սաստէ ժողովուրդը, ըսելով, թէ կը փնտռեն զԻնք պարզապէս անոր համար, թէ իրենց անօթութեան լուծում մը գտնելով կշտացուցած էր զիրենք։ Ապա յստակօրէն կը շեշտէ, թէ կարեւորը կորստական կերակուրը չէ, որովհետեւ մարդ միշտ կ՚անօթենայ։ Սակայն, հիմնականը այն է, որ մարդ պէտք է Աստուծոյ խօսքը լսէ՝ ու կատարէ Անոր կամքը։ Այս ուղղութեամբ է, որ կ՚ըսէ՝ §Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦։
Ուրեմն, մեզի կը մնայ որոշել, թէ գնայունը, որ անարժէք է, պէտք է զանազանել մնայունէն, որ արդէն ինքնին արժէք է։ Որքան ալ համեղ ու ընտիր ըլլան համադամներ եւ որքան ալ ճաշակենք զանոնք, ի վերջոյ կը կորսուին ու կ՚երթան ու մենք կրկին կ՚անօթենանք, նոյնիսկ չենք յիշեր անոնց համը։ Սակայն, երբ մօտենանք Քրիստոսի եւ ընդունինք զԻնք իբրեւ այն Հացը, որ մեզ կը սնուցանէ, այլեւս երբեք պիտի չանօթենանք։
Հիմնականը, սակայն, այն է, որ պէտք է հաւատալ թէ Քրիստոսն է Աստուծոյ Խօսքը եւ Անով յայտնեց Իր գործը աշխարհին՝ փրկել մարդիկ կորուստէ։ Ճիշդ ալ այս կորուստին կ՚անդրադառնայ Քրիստոս։ Մենք, միշտ ուշադիր ենք, որպէսզի կորուստներ չարձանագրենք մեր կեանքին մէջ։ Նիւթականի, դիրքի, պատիւի կամ նման կորուստներ տագնապ կը պատճառեն մեզի։ Սակայն մեր հոգւոյն կորուստները ոչինչ կը նշանակեն մեզի համար։ Այլ խօսքով, մենք եւս կը փնտռենք կորստական կերակուրը, քան՝ Կեանքի Հացը։
Եկէ՛ք, միասին խորհրդածենք, թէ այդ Կեանքի Հացը մեզ ինչպէ՞ս կրնայ փրկել այդ կորուստէն։
ա. Հաւատալ, թէ Քրիստոսն է մեր Սնունդը.
Երբ քննենք Աւետարանը, կը տեսնենք, թէ Քրիստոս ինքզինք կը նմանցնէ ամենէն կենսական տարրերու՝ ջուրի, հացի, լոյսի, որթատունկի, որոնք կենսական են մեր գոյութեան համար։ Սակայն, նոյնքան կարեւոր է մեր հոգեւոր սնունդը։ Եւ Քրիստոս այդ մէկը ցոյց կու տայ մեզի, թէ նոյնքան անմիջական ու կենսական է Իր ներկայութիւնը մեր կեանքերէն ներս։ Ծարաւ, անօթի ու խաւարի մէջ կը մնայ մեր հոգին առանց Քրիստոսի։ Ան, յստակօրէն կ՚ըսէ՝ §Ես եմ կենաց հացը¦ (Յհ. 6.35)։ Իսկ այդ հացին մօտեցողներուն կը խոստանայ երբեք չանօթենալ։
բ. Հաւատալ, թէ Քրիստոսն է մեր Առաջնորդը.
Մեր շուրջ կը գտնենք անձեր՝ մօտիկ, թէ հեռաւոր, որոնք առաջնորդ կը հանդիսանան մեր քայլերուն։ Սակայն, Քրիստոսն է ճշմարիտ առաջնորդը, որ կեանքի կ՚առաջնորդէ մեզ եւ մեր քայլերը կ՚ուղղէ դէպի ուղիղ ճանապարհ։ Բաւ է, որ մենք հաւատանք Անոր, ընդունինք զինք իբրեւ Առաջնորդ ու հետեւիլ ուզենք Իրեն։ Որովհետեւ, Ան եկաւ ո՛չ թէ կորսնցնելու, այլ՝ փրկելու։
գ. Հաւատալ, թէ Քրիստոսն է մեր Փրկիչը.
Մեր կերած հացն է, որ կը փրկէ զմեզ անօթութենէ եւ սնունդ կ՚ապահովէ մեզի։ Իսկ Քրիստոս, երբ մշտական ներկայութիւն է մեր կեանքին մէջ, կը փրկէ մեր հոգին ու կ՚առաջնորդէ յաւիտենական կեանքի։ Ուրիշ ո՛չ մէկ նպատակ ունէր Աստուած, երբ Իր Միածինը ղրկեց աշխարհ, որպէսզի Անոր հաւատացողը փրկուի եւ յաւիտենական կեանք ունենայ։ Իր մարդեղութեան նպատակը յստակօրէն կը պարզէ, ըսելով՝ §Ես եկայ որպէսզի կեանք ունենան եւ աւելի՛ եւս ունենան¦ (Յհ. 10.10)։
Եկէ՛ք սիրելի հաւատացեալներ, մենք եւս, այսօր միասնաբար փորձենք կատարել Աստուծոյ կամքը՝ հաւատալով Քրիստոսի, իբրեւ ճշմարիտ Սնունդ, ուղիղ Առաջնորդ եւ միակ Փրկիչ եւ մօտենանք Սուրբ Սեղանին ու հաղորդուինք Քրիստոսով, որ կը հրաւիրէ բոլորս, ըսելով՝ §Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ, եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը, քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք¦ (Յհ 6.54)։ Ամէն։
ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏ
|