ՔԱՐՈԶ
(15 Փետրուար 2009)
§Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ¦
(Յովհ. 7.37)
§Ահա իմաստութիւնը կը կանչէ, ու խոհեմութիւնը իր ձայնը կու տայ։ Անիկա բարձր տեղերու գլուխը, ճամբու վրայ եւ շաւիղներու մէջ կը կենայ։ Անիկա դռներուն քով, քաղաքներուն բերանը ու դռներուն մուտքը կը կենայ եւ աղաղակելով կ՚ըսէ. Ով մարդիկ ձեզի կը կանչեմ. եւ իմ ձայնս մարդոց որդիներուն է¦ (Առակք Սողոմոնի 8.1-4)։
Սողոմոն Իմաստունի այս խօսքերը կեանքի կը կոչուէին երբ Քրիստոս կը քարոզէր։ Աստուծոյ մարմին առած Խօսքը՝ Քրիստոս Տաղաւարահարաց տօնին վերջին օրը Եսայիի Մարգարէութեան բառերով կ՚աղաղակէր ու կ՚ըսէր. §Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։ Ան որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ՚ըսէ, անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին¦ (Ես. 55.1, Յովհ. 7.37-38)։
Տաղաւարահարաց տօնը, Հրեայ ժողովուրդին կարեւոր տօներէն էր։ Հրեաներ այս տօնին եօթը օրեր շարունակ կը բնակէին տերեւազարդ վրաններու տակ յիշելու համար իրենց նախահայրերը որոնք քառասուն տարիներ անապատին մէջ վրաններու տակ բնակած էին։ Ամէն օր զոհեր կը մատուցուէին։ Իսկ տօնին վերջին օրը կը կատարուէր մեծահանդէս արարողութիւն։ Քահանայի մը առաջնորդութեամբ մեծ բազմութիւն մը հանդիսաւոր կերպով եւ նուագարաններով Սելովամի աւազանը կ՚երթային, կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ այդ ջուրէն կը խմէին, իսկ մնացեալ ժողովուրդը Եսայի Մարգարէի վերեւ յիշուած խօսքը բարձրաձայն կ՚արտասանէր. Այս ընթացքին քահանայ մը ոսկեղէն ամանով ջուր, իսկ ուրիշ քահանայ մըն ալ աման մը գինի առնելով ժողովուրդին ուրախութեան աղաղակներով ողջակիզման սեղանը կը տանէին, ջուր տանող քահանան արեւմտեան կողմը, իսկ գինի կրող քահանան կ՚երթար արեւելեան կողմը, միասին կը հեղէին սեղանին վրայ, որով ժողովուրդը կը սկսէր երգել 113-118 սաղմոսները։
Հրեայ ժողովուրդը անապատին մէջ առանց ջուրի մնացած էր։ Աստուած իր ժողովուրդը մահէն ազատելու համար Մովսէս Մարգարէի միջոցաւ իր նախախնամական զօրութիւնը ցոյց տուաւ։ Մովսէս աղօթեց եւ իր գաւազանը ժայռին զարնելով ջուր բղխեցուց։ Ահաւասիկ Տաղաւարահարաց տօնի վերջին օրը կատարուած մեծահանդէս արարողութեամբ այս հրաշքը կը յիշատակուէր։
Ճիշդ այս յիշատակութեան միջոցին էր, որ Տէր Յիսուս աղաղակեց. §Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ¦։ Այս Խօսքին մէջ կը տեսնենք, թէ Քրիստոս Ինքն Էր Ապառաժը, եւ անկէ բղխած կեանքի ջուրով մարդիկ կեանքի պիտի կոչուէին։
Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը հակառակ անոր, որ գերութենէն ազատուելով ճամբայ ելած էր խոստացուած երկիրը ժառանգելու, չյարգեց Աստուծոյ պատուիրանները ու իբր պատիժ՝ քառասուն տարի անապատի մէջ շրջեցաւ։ Մերթ հացի, մերթ ջուրի խնդիրներ յարուցանեցին, եւ բնաւ չմտածեցին իրենց աչքերուն առջեւ կատարուած հրաշքներուն ու իրենց տրուած խոստումներուն մասին ։
Մենք ալ, հոգեւոր առումով երբեմն կ՚ապրինք անապատանման աշխարհի մը մէջ։ Առանց մտածելու մեզի խոստացուած յաւիտենական բարիքներու մասին, կը տրտնչանք ու մեր ուրախութիւնը կը փնտռենք անցողակի արժէքներու մէջ, իսկ մեր փրկութիւնը՝ խաբուսիկ եւ սխալ վարդապետութիւններու մէջ։ Մեր կամայ եւ ակամայ ընդգրկած վարքով Տիրոջ բարկութիւնը կը գրգռենք։ Յովհաննէս Առաքեալ իր նամակին մէջ սապէս կը գրէ §Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է, մարմնի ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը Հօրմէ չէ, այլ՝ այս աշխարհէն է¦ (Ա. Յովհաննէս 2.16)։
Լսենք Տիրոջ ձայնին, որ այսօր կը հասնի մեր ականչներուն. §Ան որ Ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ՚ըսէ. Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին¦
Սիրելիներ,
Քրիստոս իր խօսքով կոչ կ՚ուղղէ մեզի, որ հաւատանք Իրեն։ Կը վստահեցնէ մեզ, որ եթէ հաւատանք, Սուրբ Հոգիով պիտի զօրանանք եւ այդ զօրութեամբ դէմ պիտի դնենք չարին բոլոր հնարքներուն. պիտի փրկուինք եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգենք։ Քրիստոսի սիրելի աշակերտը Յովհաննէս կը յիշեցնէ. §Աշխարհս ալ կ՚անցնի, անոր ցանկութիւններն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան կը մնայ¦ (Ա. Յովհաննէս 2.17)։ Ամէն։
Եղիշէ Աբեղայ
|