The LORD tests the righteous, and He hates the wicked and the one who loves violence.
Psalm 11:5
 

Archive
Documents
Church
Community
Ecumenical
Inter-Religious
Religious
Temporal








ՔԱՐՈԶ

(1 Մարտ 2009)

 

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Մեծ Պահքի երկրորդ Կիրակին կը կոչէ Արտաքսման Կիրակի։ Այս Կիրակիի արարողութիւններու ընթացքին երգուած բոլոր շարականները կը պատմեն Ադամին եւ Եւային Դրախտի պարտէզէն վռնտուելու դէպքը եւ անոր պատճառը։ Դէպքը իր քիչով թէ շատով ծանօթ է մեր բոլորին։ Սակայն շատերս չենք խորանար անոր հոգեւոր իմաստին եւ մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգեւոր կեանքին բերած կենսական պատգամին վրայ։

 

Ի՞նչ կը նշանակէ §Դրախտ¦. Սուրբ Գիրքը կը խօսի Պարտէզի մը մասին, ուր առաջին մարդը երանութեան մէջ կ՚ապրէր։ Իսկ ի՞նչ էր արտաքսուելուն պատճառը. որովհետեւ ան անհնազանդ եղած էր Աստուծոյ դրած օրէնքին, այսինքն՝ §Մեղք¦ն է պատճառը։ Ապա ի՞նչ է Դրախտէն վտարուիլը. կորսնցնել երանութիւնը։ Երբ այսպէս պարզ բացատրութեամբ կը մօտենանք Աստուածաշունչի Ծննդոց գրքի առաջին երեք գլուխներուն, կը սկսինք տեսնել մարդկութեան ներկայ վիճակին բուն պատճառը։ Մարդկութեան ողբերգութեան բուն պատճառը Աստուծմէ հեռացած ըլլալն է։

 

Աշխարհ կը տառապի ահրելի նեղութիւններու եւ խնդիրներու մէջ։ Մարդիկ հազար ու մէկ ճառեր կը բնտռեն, որպէսզի աշխարհի մէջ տիրող խնդիրներուն լուծում գտնեն։ Սակայն լուծումը մեծաւ մասամբ կը ստեղծէ նոր եւ կամ նոյնիսկ աւելի մեծ խնդիր մը։ Իւրաքանչիւր գաղափարախօսականով կ՚ելլէ եւ կը պնդէ թէ իր մէջն է լուծումը, սակայն աւելի վատթարացնող ուրիշ դրութիւն մը ստեղծելէ զատ ոչ մէկ բանի կը ծառայէ։

 

Նոյնն է պարագան նաեւ իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ։ Մարդիկ առանձինն ալ կը տառապին զանազան խնդիրներու մէջ։ Տեսակ տեսակ լուծումներ կը բնտռեն, սակայն իւրաքանչիւր լուծում իր հետ նոր խնդիր մըն ալ կը բերէ։ Երբեմն մարդիկ կը կարծեն ամէն ինչ պիտի լուծուի, եթէ աւելի լաւ եկամուտ ունենան։ Եթէ ճիշդ է, ինչպէ՞ս բացատրել աշխարհի ամէնահարուստ երկիրներուն մէջ արձանագրուած անձնասպանութիւնները, բարոյականի սաստիկ չգոյութիւնը եւ երջանկութեան պակասը։ Ոմանք կը կարծեն թէ ամէն ինչ լաւ է, երբ մեծ զօրութեան տէր ես։ Եթէ ճիշդ է, ինչպէ՞ս բացատրել մեծ ինքնակալներու, գործատէրերու եւ կամ իշխանաւորներու կրած սաստիկ նեղութիւնն ու §սթրէս¦ը իրենց ունեցածը պահելու համար։ Շարունակական լարուածութիւնը կ՚արտօնէ՞ որ մէկը ուրախ ըլլայ։ Օրինակները շատ են։ Սակայն այս երկուքը իսկ ցոյց կու տան թէ աշխարհիկ ոչ մէկ ունեցուածք կամ նուաճում մարդուս պիտի չբերէ երջանկութիւնը։ Որովհետեւ մեր երջանկութիւնը կախուած է Աստուծմէ։

 

Մարդ կրնայ երջանիկ ըլլալ ու այդ երջանկութիւնը յաւիտենապէս պահել միմիայն երբ ան իր բոլոր սրտով կ՚ապաւինի Աստուծոյ։ Տէր Յիսուս եկաւ, որ մենք վերագտնենք մեր յաւիտենական երջանկութիւնը։ Մեծ պահքը քայլ առ քայլ մեզ կ՚առաջնորդէ, որպէսզի մենք գտնենք Աստուծոյ հետ հաշտութեան ուղին։ Մեծ Պահքը լաւագոյն առիթներէն է, որպէսզի մենք անդրադառնանք մեր տառապանքներու բուն պատճառին։ Պահ մը կանգ առնենք եւ քննենք մեր կեանքը եւ հասկնանք թէ մենք պէտք ունինք Աստուծոյ հետ հաշտուելու։ Աստուծոյ՝ որ գրկաբաց կը սպասէ մեզի։

 

Այո, կորսնցուցինք Դրախտը՝ երջանկութիւնը, մեր կեանքին իմաստը, սակայն Աստուած Իր Միածին Որդիին միջոցաւ ետ տուաւ զայն։ Մեծ Պահքի շրջանը լաւագոյնս արժեւորելով դառնանք Աստուծոյ եւ հաշտուինք Անոր հետ։

 

Տիրոջ ողորմութիւնը, Հայր Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգւոյ խաղաղութիւնը մեր բոլորին հետ ըլլայ. ամէն։

 

ՏՐԴԱՏ ՔՀՆՅ. ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ


Home | About | Contact | Help
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr