Քա՛ւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն:
(Գաղատ. 6.14)
 

Արխիվ
Փաստաթուղթեր
Կարճ լուրեր
Եկեղեցական
Համայնքային
Միջեկեղեցական
Միջկրօնական
Կրօնական
Աշխարհական








ՔԱՐՈԶ

(8 Մարտ 2009)

 

§Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը¦

(Ղուկաս  15.12)

 

Անառակ Որդիի առակը Ս. Աւետարանի ամենասքանչելի առակներէն է։ Անոր մէջ իւրաքանչիւրս կրնանք մենք զմեզ գտնել։

 

Անառակ որդին, զզուած հօրենական տան մթնոլորտէն, կը փափաքի իր ժառանգական իրաւունքը առնել ու հեռանալ եւ ապրիլ՝ իր ուզածին պէս։

 

Շատեր, անառակ որդիին նման, իրենց երազներուն հետեւելու ցանկութեամբ, կը հեռանան Աստուծմէ։

 

Իւրաքանչիւր քայլ, որ մեզ կը հեռացնէ Աստուծոյ կամքէն եւ հրամաններէն, իսկութեան մէջ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի կորուստ։ Որովհետեւ, իւրաքանչիւր անհնազանդութեամբ կը հեռանանք մեր արժէքներէն եւ կը մերկանանք անոնց շնորհքներով առատանալու առանցնաշնորհումէն։

 

Մարդիկ ապերջանիկ կ՚ըլլան, երբ կը ցանկան Աստուծմէ անջատ կեանք մը ապրիլ, բան մը որով չեն կրնար հասնիլ իրենց կէտ նպատակին։ Այսօր շատեր նման ցանկութիւններով կ՚ընթանան եւ կ՚առաջնորդուին դէպի մեղքի ճանապարհը։ Մինչեւ որ իրենց հոգեւոր աչքերը չբացուին, չեն կրնար հասկնալ, որ յաւիտենական մահուան ճանապարհին մէջ կը գտնուին։ Եւ միշտ պիտի ունենան իրենց կեանքի նեղութիւններն ու ապերջանկութիւնները։

 

Մարդիկ, որոնք քունի մէջ են, կարելի չըլլար իրենց խօսիլ իրականութեանց մասին։ Այս պատճառաւ է որ հայրը արգելք չեղաւ իր որդւոյն, որ կ՚ուզէր տունէն հեռանալ։ Գիտէր թէ պիտի չկարենար զինքը համոզել որպէսզի իր մօտ մնար։ Որովհետեւ որդին հոգեւոր քունի մէջ էր։ Երբ մարդ հոգեւոր քունի մէջ է, փորձութեանց դէմ չի կրնար ապահով ըլլալ։ Շուտով կը գայթակղի ու կը սխալի։

 

Շատեր այս պատճառաւ կը կորսնցնեն իրենց անմեղութիւնը եւ երկնաւոր ժառանգութենէն կը զրկուին։ Իսկ քիչեր զղջալով, կը դիմեն Աստուծոյ, իրենց նախկին անմեղութիւնը վերագտնելու համար։

 

Անառակ Որդիին սիրտը, երազի մը հետեւելու սիրոյն, հեռացաւ հօրմէն, տունէն, իրաւունքներէն, պատասխանատուութիւններէն եւ ընդհանրապէս այն արժէքներէն, որոնք կենսական էին իր կեանքը բնականոն հունի մէջ պահելու համար։ Սակայն հօրը սիրտը երբեք իր զաւկէն չհեռացաւ։ Հայրը, որքան որ ալ վիրաւորուած ըլլար որդւոյն ըմբոստութեան պատճառաւ, առանց հեռանալու իր հաւատացած ճշմարտութիւններէն, բնաւ չդադրեցաւ զայն սրտանց սիրելէ։ Ան միշտ սիրեց։

 

Մեր Երկնաւոր Հօր սիրտն ալ միշտ մեզ հետ է։ Ան, նկատի չունենար թէ մենք ըմբոստ վերաբերմունք ցոյց տուած ենք իրեն նկատմամբ։ Երբ որ զղչալով իրեն դառնանք, մեզ դարձեալ սիրով ու գրկաբաց կ՚ընդունի։

 

Թէ մարմնաւոր եւ թէ հոգեւոր իւրաքանչիւր հեռացում կը սկսի ցանկութեամբ։ Այս պատճառաւ Սատանան կը յարձակի նախ մեր մտածումներուն։ Մեր մտքին մէջ կը դնէ երազի մը ցանկութիւնը։ Երբ մարդ կը հետեւի իր ցանկութիւններուն, այդ պարագային մեղքը անխուսափելի կը դառնայ։

 

Հետեւաբար, մեզ հօրենական տունէն, մեր արժէքներէն անջատող առաջին քայլերը կ՚առնուին Աստուծոյ կամքին հակառակ ցանկութիւններէն։ Եթէ չենք ուզեր սխալիլ, պէտք է սանձենք մեր ցանկութիւնները, որուն միակ միջոցն է մեր մտածումները Ս. Հոգւոյ քննութենէն անցընել։ Այս պատճառաւ մեր մտածումները պէտք է ուղղենք ոչ թէ Սատանայի փորձութիւններուն, այլ՝ Ս. Հոգւոյ կենարար կոչին լսելով։

 

Անկասկած, մեր կեանքին ընթացքին տեսակ տեսակ փորձութիւններու հետ դէմ յանդիման կրնանք գտնուիլ։ Երբ Աստուծմէ հեռանալու գիծով կը փորձուինք, սա հարցումը պէտք է հարցնել. §Եթէ այս ցանկութեան հետեւիմ, իսկապէս պիտի կարենա՞մ իմ փափաքիս տիրանալ։ Ձեռք բերածս օգտակար եւ շինիչ պիտի կարենա՞յ ըլլալ¦։ Այս հարցումներուն ճիշդ պատասխանները մեզի արգելք պիտի ըլլան, որ Անառակ Որդիին սխալը գործենք։

 

Սուրբ Գիրքը այս մասին մեզ կ՚ազդարարէ։ Մեզ համար ամէն ինչ ազատ է, սակայն ամէն ինչ օգտակար ու շինիչ չէ (Ա. Կորնթ. 10.23)։

 

Սիրելիներ,

Եթէ դուք ձեզ սա պահուս զանազան պատճառներով Աստուծմէ եւ տունէն հեռացած, Անառակ Որդւոյն նման յոգնած ու անճար կը զգաք, գիտցէք թէ ձեզի համար ամէն ինչ չէ վերջացած։ Ձեր Երկնաւոր Հայրը կարօտով կը սպասէ ձեր տուն վերադարձին։ Մի՛ ուշանաք։

 

ԶԱՒԷՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊՉԱՔՃԵԱՆ

ՕՐԱՑՈՅՑ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԻ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (27 Դեկտեմբեր 2009)
Ապրիս բարի ծառայ (Ղուկաս 19.17)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Նոյեմբեր 2009)
Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ եւ անհանդուրժողութենէ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (13 Սեպտեմբեր 2009)
"Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ" (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (16 Օգոստոս 2009)
Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի (Ղուկաս 1.38)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Օգոստոս 2009)
Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են
Շար.

ՔԱՐՈԶ (2 Օգոստոս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Յուլիս 2009)
Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան բայց Յիսուս (Մատթ. ժէ.8)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (12 Յուլիս 2009)
Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը (Մատթ. 14.16)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Յուլիս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Յունիս 2009)
Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս (Մատ. 12.41)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Յունիս 2009)
Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ (Մատ. 12.6)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Մայիս 2009)
Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան (Յովհ. 9.39)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Մայիս 2009)
Ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ (Յհ. 7.18)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Մայիս 2009)
Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար (Յովհ. Ե. 29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Ապրիլ 2009)
Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել (Յով. 3.3)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Ապրիլ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (22 Մարտ 2009)
Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք (Շարական)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Մարտ 2009)
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ (Ղուկաս 16.9)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Մարտ 2009)
Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը (Ղուկաս 15.12)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Մարտ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Փետրուար 2009)
Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ (Յովհ. 7.37)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦ (Յհ. 6.29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Փետրուար 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (14 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Նոյեմբեր 2008)
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի (Ղուկաս Ը.50)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Սեպտեմբեր 2008, Վարագայ Խաչ)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Սեպտեմբեր 2008)
Շար.

ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (31 Օգոստոս 2008)
"Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (24 Օգոստոս 2008)
"Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ" (Ղկ. 1.45)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Օգոստոս 2008)
"Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես" (Ղուկ. Ա.28)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Օգոստոս 2008)
"Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի (Յով. 6.47)
Շար.

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն: Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը:
Շար.

Հիմնական էջ | Մեր մասին | Կապ | Oգնութիւն
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr