Քա՛ւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն:
(Գաղատ. 6.14)
 

Արխիվ
Փաստաթուղթեր
Կարճ լուրեր
Եկեղեցական
Համայնքային
Միջեկեղեցական
Միջկրօնական
Կրօնական
Աշխարհական








ՔԱՐՈԶ

(19 Ապրիլ 2009)

 

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։

 

Մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն Զատկի տօնին յաջորդող կիրակին կը կոչուի Կրկնազատիկ։ Երբ կը շարունակենք ապրիլ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնի ուրախութիւնը ու մեր եկեղեցիներուն եւ առօրեայ կեանքին մէջ զիրար կ՚ողջունենք Յարութեան Սուրբ Աւետիսով, անգամ մը եւս կը խորհրդածենք Յարութեան դէպքին մեզի հաղորդած պատգամներուն վրայ։

 

Պահ մը մտածենք առաքեալներուն մասին, որոնք հաւաքուած էին վերնատան մէջ, մեծ տագնապներու պատճառաւ իրենց կրած յուսալքութեամբ ճզմուած։ Իրենց միտքն ու հոգին կ՚ալեկոծէր եւ բոլորովին շուարած էին։ Նաեւ քանի մը կիներ եկած էին ու իրենց պատմած թէ Տիրոջ մարմինը գերեզմանին մէջ չէր, Ան յարութիւն առած էր, եւ իրենք ալ տեսած էին զԱյն։ Պետրոս եւ Յովհաննէս գացած ու տեսած էին դատարկ գերեզմանը։ Նաեւ երկու հոգի պատմած էին թէ Էմմաուսի ճամբուն վրայ տեսած էին Տէրը եւ խօսած՝ Իր հետ։ Մէկ կողմէ տարակուսանքներ ու յուսալքութիւն, իսկ միւս կողմէ վկայութիւններ եւ նոր յոյսի մը առաջին ծիլերը տեղ կը գտնէին առաքեալներու հոգիներուն ու մտքերուն մէջ։ Չէ՞ որ տէսած էին Տէրը թէ մահացած էր խաչին վրայ եւ անոնք կորսնցուցած էին իրենց բոլոր յոյսը։ Սակայն հիմա նոր յոյս մը կը սկսէր։ Հաւանաբար անոնք կը յիշէին Տիրոջ այն խօսքը թէ երեք անգամ անոնց ըսած էր, իր չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան մասին։ Սակայն դժուար էր հաւատալ։ Վիրաւորուած էին անոնց միտքերը եւ կորսնցուցած՝ ըմբռնելու ողջամիտ կարողութիւնը։ Խառնաշփոթ վիճակ մը կը տիրէր անոնց մէջ...

 

Յանկարծ իրենց մէջ կանքնեցաւ Տէր Յիսուս ու ըսաւ անոնց. §Ողջո՜յն Ձեզ¦։ Թէեւ պահ մը վախցան, սակայն փառատեցան անոնց շփոթն ու յուսալքութիւնը, բժշկուեցան անոնց տրտմութեան վէրքերը, հեռացան անոնց մտքէն բոլոր տարակուսանքները։ Հասկցան թէ դատարկ չէր իրենց վստահութիւնը, որ ունեցած էին իրենց սիրելի Տիրոջ վրայ։ Ան կենդանի էր։ Մահը իշխանութիւն չունէր Անոր վրայ։ Ան, հզօր ու փառաւոր Տէրն էր։ Ինչ աներեւակայելի ուրախութիւն...

 

Սիրելի հաւատացեալ,

Մեծ տաքնապներու պատճառած յուսալքութեամբ ճզմուա՞ծ ես։ Միտքդ ու հոգիդ կ՚ալեկոծի՞ եւ բոլորովին շուարա՞ծ ես կեանքի բերած նեղութիւններու պատճառով։ Վիրաւորուա՞ծ է քու միտքդ եւ կորսնցուցա՞ծ ես ըմբռնելու ողջամիտ կարողութիւնդ։ Խառնաշփոթ վիճա՞կ մը կը տիրէ քու կեանքիդ մէջ։ Ուրեմն ճիշդ ժամանակն է սիրտդ բանալու Յարութիւն առած Փրկչին՝ Տէր Յիսուսի առջեւ։ Կը հասկնա՞ս թէ ինչ մեծ կարեւորութիւն ունի Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը քու անձնական կեանքիդ համար։ Պահ մը մտածէ թէ բնաւ խորհած ես, թէ Անոր յարութիւնը քու անձիդ փրկութեան եւ քու յաւիտենական կեանքիդ համար է։ Ան Իր Յարութեամբ անմահութեան եւ յաւիտենական ուրախութեան ճանապարհը կը բանայ քու առջեւ։ Այս կեանքը պիտի անցնի, սակայն Ան քեզի կը խոստանայ անանց կեանք մը։ Քանի որ Ան կրցած է յաղթել մահը, ուստի կրնայ յաղթել ամէն ինչ։ Փորձութիւններդ, փորձանքներդ, տագնապներդ, վէրքերդ եւ առ հասարակ քու կեանքդ տակնուվրայ ընող ամէն ինչ անոր յարութեան լոյսով կը փոխուի կեանքի ուրախութեան եւ հոգեւոր վերանորոգութեան։

 

Կանչէ զԱյն՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսը քու կեանքէդ ներս։ Կարճ աղօթք մը բարձրացուր  Անոր ու ըսէ §Տէր Յիսուս՝ որ Գերեզմանին խաւարը Քու լոյսովդ փառատեցիր ու մեռելներէն յարութիւն առիր, յարութիւն առ նաեւ իմ սրտիս մէջ։ Քու Յարութեամբդ նորոգէ նաեւ զիս։ Լուսաւորէ իմ միտքս քու լոյսովդ, որպէսզի վերնատան մէջ հաւաքուած առաքեալներուն նման տեսնեմ քու յարութեանդ զօրութիւնը եւ ազատելով մեղքի խաւարէն քեզի հետ յարութիւն առնեմ դէպի յաւիտենական կեանք ու անանց երանութիւն¦։

 

Յարուցեալ Փրկչին սէրն ու խաղաղութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն։

 

ՏՐԴԱՏ ՔՀՆՅ. ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ

ՕՐԱՑՈՅՑ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԻ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (27 Դեկտեմբեր 2009)
Ապրիս բարի ծառայ (Ղուկաս 19.17)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Նոյեմբեր 2009)
Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ եւ անհանդուրժողութենէ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (13 Սեպտեմբեր 2009)
"Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ" (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (16 Օգոստոս 2009)
Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի (Ղուկաս 1.38)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Օգոստոս 2009)
Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են
Շար.

ՔԱՐՈԶ (2 Օգոստոս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Յուլիս 2009)
Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան բայց Յիսուս (Մատթ. ժէ.8)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (12 Յուլիս 2009)
Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը (Մատթ. 14.16)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Յուլիս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Յունիս 2009)
Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս (Մատ. 12.41)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Յունիս 2009)
Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ (Մատ. 12.6)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Մայիս 2009)
Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան (Յովհ. 9.39)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Մայիս 2009)
Ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ (Յհ. 7.18)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Մայիս 2009)
Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար (Յովհ. Ե. 29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Ապրիլ 2009)
Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել (Յով. 3.3)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Ապրիլ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (22 Մարտ 2009)
Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք (Շարական)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Մարտ 2009)
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ (Ղուկաս 16.9)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Մարտ 2009)
Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը (Ղուկաս 15.12)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Մարտ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Փետրուար 2009)
Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ (Յովհ. 7.37)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦ (Յհ. 6.29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Փետրուար 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (14 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Նոյեմբեր 2008)
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի (Ղուկաս Ը.50)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Սեպտեմբեր 2008, Վարագայ Խաչ)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Սեպտեմբեր 2008)
Շար.

ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (31 Օգոստոս 2008)
"Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (24 Օգոստոս 2008)
"Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ" (Ղկ. 1.45)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Օգոստոս 2008)
"Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես" (Ղուկ. Ա.28)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Օգոստոս 2008)
"Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի (Յով. 6.47)
Շար.

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն: Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը:
Շար.

Հիմնական էջ | Մեր մասին | Կապ | Oգնութիւն
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr