The LORD tests the righteous, and He hates the wicked and the one who loves violence.
Psalm 11:5
 

Archive
Documents
Church
Community
Ecumenical
Inter-Religious
Religious
Temporal








ՔԱՐՈԶ

 

§Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ¦

(Մատ. 12.6)

 

Այսօր Քրիստոս ինքզինք մեզի կը յայտնէ այս խօսքերով։ Շատ ալ սովորական ընթացք մը չէր Քրիստոսի համար ինքզինք պարտադրել եւ կամ յիշեցնել Իր ներկայութիւնը։ Ան խոնարհ ու համեստ վարդապետութեամբ կը ներկայանար յաճախ։ Սակայն, երբ առիթը ներկայանար յստակօրէն կը յայտնէր ինքզինք։

 

Այս անգամ ալ նոյնը կը պատահի։ Երբ շաբաթ օրով կ՚անցնին արտերուն մէջէն, հասկ կը փրցնեն ու կ՚ուտեն իրենց անօթութեան պատճառով։ Ահաւասիկ, այս երեւոյթն է, որ կը զայրացնէ օրէնքի կարծեցեալ պահապանները՝ Փարիսեցիները։ Որովհետեւ, Քրիստոսի աշակերտները կ՚ընէին բան մը, որ օրինաւոր չէր շաբաթ օրով ընել։

 

Այս ընթացքը եւ Փարիսեցիներու պատճառաբանեալ առարկութիւնը մեզ այսօր խոկալու կը մղէ։ Ի՞նչ էր Աստուծոյ մարդեղացման նպատակը։ Արդէն աստուածադիր օրէնքներ գոյութիւն ունէին եւ մարդկութիւնը այդպիսով կը թաւալէր։

 

Սակայն, օրէնքը այլեւս լուծի մը վերածուած էր մարդկութեան համար, նոյնիսկ հասած էր տեղ մը, ուր սկսած էր Աստուծմէ աւելի բարձր դասուիլ։ Ճիշդ ալ այս է նպատակը, երբ Քրիստոս կ՚ըսէ §Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ¦, Իր աստուածային ներկայութիւնը կը շեշտէ։ Օրէնքի հրամայականներէն անդին, մարդուն կեանքի արժէքը աւելի վեր կը դասէ։

 

Որովհետեւ, մենք գիտենք, թէ օրէնքը միջոց մըն է մարդուն համար։ Սակայն, ինքնին անբաւարար է։ Աստուծոյ պարգեւած շնորհքն է հիմնականը, որ զմեզ կը դարձնէ Աստուծոյ որդիներ, եւ ոչ թէ օրէնքի ծառաներ։

 

Միայն Քրիստոնէութեան մէջ գոյութիւն ունեցող գաղափար մըն է Աստուծոյ որդի ըլլալ, որովհետեւ Պօղոս Առաքեալ կը յիշեցնէ յաճախ, թէ ծառայ չենք, այլ՝ որդի։ Ծառան եւ որդին տարբեր են այս հասկացողութեամբ։ Որդին ժառանգին տէրն է, ժառանգակից է կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ։ Եւ մենք տակաւին Սուրբ Աւազանէն երբ կը ծնինք, այսինքն մեր մկրտութեան օրը, Քրիստոսի ժառանգակից կը դառնանք։

 

Ահաւասիկ, այդ նպատակով ամէն նոր օր մեզի համար սկիզբ կը դառնայ՝ եւ ոչ թէ վերջ, առիթ՝ Աստուծոյ շնորհքը ըմբռնելու եւ ընդունելու։ Քրիստոնէութեան խտացումն է՝ Աստուծոյ որդիներ դառնալ, լուսաւորուած որդիներ դառնալ, մաս եւ  բաժին ունենալ ժառանգութենէն եւ յաւիտենական կեանք ընդունիլ միայն ու միայն Քրիստոսի հաւատալով եւ մեր այդ հաւատքը այս աշխարհի վրայ էապէս ապրելով։ Այս է որ մեզի ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ Քրիստոս եկաւ որպէսզի մեզ մեր մեղքերէն փրկէ եւ յաւիտենական կեանքը շնորհէ։

 

Մովսէսի օրէնքը, Քրիստոսի բերած շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ վերջացաւ, որովհետեւ մինչեւ Յովհաննէս Մկրտիչ էր օրէնքը եւ մարգարէութիւնը։ Իսկ մարգարէութեան եւ օրէնքի լրումը հանդիսացաւ զՔրիստոս եւ մեզի այդ շնորհքներուն ճամբով Հօր որդեգիրներ դարձուց։

 

Ահաւասիկ, այսօր մեր ուսերուն վրայ դրուած քաղցր պարտականութիւն է։ Երբեմն դժուար ալ թուի, լաւ քրիստոնեաներ դառնալ, ճանչնալ զԱստուած, ճանչնալ նաեւ մեր անձերը։ Նայելով հոգեւոր հայելիին մէջ, տեսնել թէ մենք ծառաներ չենք, Աստուծոյ որդիներ ենք եւ մենք պէտք է ջանք թափենք որպէսզի արժանի որդիներ ըլլանք Աստուծոյ։ Սա իշխանութիւն մըն է՝ տրուած մարդկութեան, որովհետեւ մարդ այնքան արժէքաւոր է Աստուծոյ համար՝ Իր ձեռագործն է։ Աշխատած է մեր վրան, տակաւին կ՚աշխատի ու պիտի աշխատի, մենք որքան ալ փորձենք հեռանալ այդ լոյսէն, այդ լոյսը արդարներուն եւ մեղաւորներուն վրայ պիտի տարածէ՝ քանի աշխարհ տակաւին գոյութիւն ունի։

 

Եկէ՛ք ուրեմն սիրելի հաւատացեալներ, մենք փորձե՛նք ըմբռնել, թէ §Տաճարէն աւելի մեծը կայ¦։ Այսինքն միայն օրէնքը պահելով չէ, որ պիտի տիրանանք ժառանգին, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքը առիթ պիտի դառնայ։ Փորձե՛նք արժանի ըլլալ այդ յորդառատ շնորհքներուն, որ Աստուած մեր վրայ կը տեղացնէ՝ անխտիր։ Եկէ՛ք մենք եւս հետեւինք լոյսին։ Փորձենք Աստուծոյ որդիներ դառնալ։ Յաւիտենական կեանքին մէջ մեր տեղը գրաւելու համար այս աշխարհէն սկսինք աշխատիլ եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

 

Թաթուլ Ծ. Վարդապետ


Home | About | Contact | Help
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr