ՔԱՐՈԶ
(5 Յուլիս 2009)
Հոգեգալուստի հինգերրորդ կիրակին Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն կը յիշատակենք Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Տփոյ Գիւտը։ Առաքելական եկեղեցիներ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն սուրբերու թագուհի Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր։ Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ իր հաւատաւոր կեցուածքը, խոնարհութիւնը միշտ օրինակ կը ներկայացուին եկեղեցւոյ անդամներուն։
Մենք կը գուրգուրանք ի Քրիստոս ննջած մեր ընտանիքի երէց անդամներուն գոյքերուն վրայ։ Անոնց միջոցաւ վառ կը պահենք իրենց հետ ունեցած մեր յուշերը։ Սակայն այս պարագային Աստուածամօր պատկանած իրեղէնի մը յիշատակութիւնը մեզի առիթ կ՚ընծայէ անգամ մը եւս անդրադառնալու Աստուածամօր վարքին, քաղելու համար բարոյական դասեր։ Սուրբ Կոյսը մեզի համար իրաւ Քրիստոնեայի օրինակն է, որ տիեզերքի Փրկչին մայրը ըլլալու պատիւին արժանացաւ, իր Որդին խաչին վրայ տեսնելու ցաւը կրեց, Քրիստոսի երկինք համբառնալէն յետոյ եկեղեցին գլխաւորեց։
Սուրբ Կոյս Աստուածամօր օրինակով երբ կը խոնարհինք Աստուծոյ կամքին առջեւ, կը հնազանդինք Իրեն, անսասան կը մնանք կեանքի բոլոր ժխտական երեւոյթերուն դէմ եւ չենք քշուիր Աստուծոյ կամքին հակառակ հոսանքներէն։
Աստուած բարի սերմնացանն է, որ մարդոց սրտերուն մէջ կը ցանէ իր կամքը ու խօսքերը, որպէս բարի սերմեր։ Սակայն միւս կողմէն ալ չարը՝ Սատանան որոմ կը ցանէ եւ կը փորձէ այդ որոմներով թունաւորել Աստուածահաճոյ կեանք մը վարելու կոչուած անձերը։ Երբ սերմերը կ՚աճին եւ քով քովի կը յայտնուին ցորենը եւ որոմը, արտի տէրը չփափաքիր, որ որոմը անժամանակ խլուի արտէն, քանի որ նոյն միջոցին կրնան վնասուիլ նաեւ ցորենի հասկերը։ Տէրը կը փափաքի սպասել մինչեւ որ երկուքը կատարելապէս աճին եւ հասնի հունձքի ժամանակը։ Եւ կ՚ըսէ. §Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակ, երբ հնձուորներուն կ՚ըսեմ որ նախ որոմը քաղեն, խուրձեր կազմեն այրելու համար, եւ ապա քաղեն ցորենը եւ ամբարեն շտեմարաններուս մէջ¦ (Մատթէոս 13.29-30)։
Մենք մարդկայնաբար կ՚ուզենք, որ չարը շուտով ոչնչացնենք, առանց նկատի ունենալու, թէ չարը կրնայ դարձ ունենալ։ Բնականաբար նիւթական առումով ոչ ցորենը որոմի կը վերածուի, ոչ ալ որոմը՝ ցորենի։ Սակայն Աստուած կը նախախնամէ որոմի եւ ցորենի օրինակով ներկայացուցած մարդկային կերպարները եւ կը համբերէ։ Աստուած գիտէ, թէ բարին ի վերջոյ պիտի յաղթանակէ չարին։ Աստուծոյ կամքը կատարողներ, բարեբեր արտեր են, որոնց մէջ Տիրոջ Խօսքը խոր արմատներ կ՚արձակէ։ Անոնք առաւել եւս կ՚ամրանան իրենց հաւատքին մէջ, երբ որոմի որդիներ կը կատարեն Սատանայի կամքը։ Աստուած իր արեւը կը ծագեցնէ, թէ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն վրայ եւ Աստուած չի կամենար մեղաւորին մահը, այլ կ՚ուզէ որ ան չար ճանապարհէն դառնայ եւ ապրի։
Պէտք է նկատի ունենանք, որ ամէնքս ալ ալ ունինք նուազ կամ առաւել չափով ժխտական կողմեր։ Տիեզերքի մէջ ոչ ոք սուրբ է, բացի Աստուծմէ։ Բոլորս ալ կը կարօտինք սրբանալու։ Աստուծոյ ողորմութեան դուռը միշտ բաց է մեր առջեւ, բաւ է որ մենք գիտնանք խոստովանիլ, թէ հոգիով աղքատ ենք եւ կը կարօտինք Աստուծոյ շնորհներով առատանալու։ Չպարծենանք մեր կարծեցեալ բարի գործերով։ Վստահինք Աստուծոյ սրբարար զօրութեան։ Յայտնենք պատրաստակամութիւն Աստուծոյ հզօր կամքին առջեւ խոնարհելու, Սուրբ Կոյս Աստուածամօր նման։
Ս. Աստուածածնի եւ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը, Տիրոջ պահապան Աջը բոլորիս վրայէն անպակաս ըլլայ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։
|