The LORD tests the righteous, and He hates the wicked and the one who loves violence.
Psalm 11:5
 

Archive
Documents
Church
Community
Ecumenical
Inter-Religious
Religious
Temporal








ՔԱՐՈԶ

(12 Յուլիս 2009)

 

§Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը¦

(Մատթ. 14.16)

 

Տէր Յիսուս կը շրջէր բոլոր Հրէաստանը եւ Սամարիան եւ կը քարոզէր, հիւանդները կը բժշկէր, դեւերը կը հալածէր ու կը հռչակէր Աստուծոյ Արքայութիւնը։ Սակայն ժամանակ առ ժամանակ պէտքը կը զգար առանձնանալու եւ աղօթելու։

 

Այսպէս երբ լուրը հասաւ իրեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչ գլխատուեցաւ, գնաց ամայի վայր մը։ Պատճառը յստակ չէ, թէ Ան գնաց պարզապէս տակնուվրայ եղած մթնոլորտէ մը հեռանալու եւ անժամանակ պատահարներու տեղի չտալու համար եւ կամ նոր քարոզչական արշաւի մը պատրաստուելու համար չենք գիտեր, սակայն յստակ է պարագան, որ ան առանձին մնալ ուզեց։ Նոյնիսկ աշակերտները իր հետ չէին։ Նաւակով անցաւ ուրիշ վայր մը։ Սակայն ժողովուրդն ու աշակերտները հետեւեցան իրեն։ Փնտռեցին ու գտան։ Ժողովուրդը պէտք ունէր Իրեն։ Թէեւ կար Քահանայապետ, քահանաներ, փարիսեցիներ, օրէնքի ուսուցիչներ սակայն ժողովուրդը ուրիշ բան մը կը գտնէր Անոր վրայ։ Անոր ուսուցումները կենդանի էին, չէին հիմնաւորուած մարդկանց մտախաղերու եւ փիլիսոփայութեան վրայ։ Ան միայն չէր քարոզեր, այլեւ կը բժշկէր եւ կ՚ազատագրէր զանոնք։ Կրօնաւորներու նման ծանր բեռներ չէր դներ ժողովուրդին ուսերուն, այլ կը մխիթարէր եւ կը թեթեւցնէր անոր բեռը։

 

Ան թէեւ առանձնանալ ուզեց, բայց ժողովուրդը երբ իր մօտ եկաւ, Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ թէ ան խղճաց անոնց վրայ ու բժշկեց անոնց հիւանդները (Մատթ. 14.14)։

 

Ժողովուրդը մնաց անոր շուրջ եւ չէր ուզեր բաժնուիլ անկէ։ Երեկոյ եղաւ ու ուտելիք չկար։ Աշակերտները ուզեցին որ Ան արձակէ ժողովուրդը։ Սակայն Ան ուրիշ բան ըսաւ. §Ինչո՞ւ իրենք երթան։ Դուք տուէք անոնց ուտելիքը¦ (Մատթ. 14.15)։ Աշակերտներ ապշեցան ու անգամ մը եւս մորցան թէ, ով էր որ կը խօսէր իրենց հետ։ Ըսին թէ դրամ ուրտեղէն պիտի գտնեն, տեղը հեռու է, ժողովուրդը շատ է եւլն եւլն…։ Սակայն ուրիշ բան մըն ալ ըսին. §միայն երկու ձուկ ու հինգ հաց ունինք¦։ Յովհաննու Աւետարանին մէջ կը գրէ թէ այդ հացը ու ձուկը բերողը մանուկ մըն էր։ Թէեւ չէին հասկնար, բայց չէին պահեր այն ինչ որ ալ ունէին կամ գտած էին։ Տէրը ըսաւ. §Հո՛ս բերէք ատոնք¦։ Առաքեալներ ինչ որ գտան, բերին Տիրոջ… եւ Տէրը կատարեց իր մեծ հրաշքը։ Չհաշուած կիներն ու մանուկները, հինգ հազար հոգի կշտացաւ, այսինքն՝ մօտ տասը հազար հոգի։

 

Այս պատմուածքը ունի քանի մը կարեւոր պատգամներ մեր առօրեային վրայ։

 

Այդ էական հարցումը կը դրուի մեր առջեւ. Ինչո՞ւ կը հետեւինք Յիսուսին։ Ժողովուր­դը կը հետեւէր, որովհետեւ Աստուածայինը կը տեսնէր Անոր վրայ։ Մենք կը տես­նե՞նք։ Կ՚անդրադառնա՞նք Անոր զօրութեան եւ կամքին։ Կ՚ուզե՞նք մնալ Անոր շուրջը։ Եթէ մեր կեանքին մէջ կը պակսի օրհնութիւնը, արդեօք այս չէ՞ նշանը թէ մենք հեռացած ենք Անոր ներկայութենէն։ §Նախ խնդրեցէք Աստուծոյ արքայութիւնը եւ արդարութիւնը եւ մնացած ամէն ինչ պիտի տրուի ձեզի¦ կ՚ըսէ Յիսուս Քրիստոս։ Ժողովուրդը կը փնտռէր հոգեւորը ու գտաւ թէ՛ հոգեւորը եւ թէ՛ նիւթականը։ Բայց աւելի վերջ Տէրը պիտի յանդիմանէր ժողովուրդը, որովհետեւ անոնք մոռնալով հոգեւորը սկսած էին հետեւիլ միայն հացին։

 

Այսօրուան պատմուածքը ցոյց կու տայ Տիրոջ գթութիւնն ու ողորմութիւնը։ Ան ոչ միայն կը հոգայ հոգեւորը, այլ նաեւ՝ նիւթականը բոլոր անոնց որոնք կը փնտռեն հոգեւորը։ Սակայն մենք եթէ կը փնտռենք միայն նիւթը, կը կորսնցնենք նաեւ հոգեւորը։ Ան կրնայ օրհնել մեր քիչը եւ ան կը բաւէ հազարներու։ Բայց պատրաստակամութիւն կը պահանջէ։

 

Տիրոջ ողորմութիւն մեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն։

 

ՏՐԴԱՏ ՔՀՆՅ. ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ


Home | About | Contact | Help
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr