ՔԱՐՈԶ
(2 Օգոստոս 2009)
§Աւելի լաւ է չամուսնանալ¦ (Մտ 19.10) կ՚ըսեն աշակերտները՝ Քրիստոսին։ Կը վախնան անոնք, երբ կը լսեն պատասխանատուութեան պահանջքը ամուսնական կեանքի մէջ։ Քրիստոս հաստատելով Իր վարդապետութիւնը ամուսնութեան մասին, կ՚ըսէ թէ՝ միայն մէկ պարագային կարելի է արձակում տալ։ Ուրեմն. §Եթէ¦, կ՚ըսեն §վնաս է այդ մէկը մեր կեանքին համար, որովհետեւ Քու ցոյց տուած պատճառդ ամուսնալուծման համար միայն շնալն է, ուրեմն լաւ է որ չամուսնանանք¦։ Մենք ալ այսօր երբ հարցադրումներ մէջտեղ դնենք, իրականութեան մէջ չենք ուզեր լսել ճշմարտութիւնը, այլ՝ կ՚ուզենք լսել պարզապէս այն, որ մեր մտքին մէջ կայ։ Մենք ալ չենք ախորժիր ճշմարտութիւնը լսելէ, որովհետեւ այդ մէկը երբեմն չի համապատասխաներ մեր համոզումներուն։ Այսինքն, կ՚ուզենք, որ Քրիստոս արդարացնէ մեր շեղած համոզումներն ու ընթացքը եւ երբ չենք գտներ նման հաստատում մը՝ կը վրդովինք ըսելով, թէ §Ուրեմն մենք այսպէս չփորձենք, քանի որ մեր համոզումներուն ներհակ է այդ մէկը¦։
Երբ ամուսնութեան մասին կը խօսի Աւետարանը, պատրաստ ենք երբեմն սխալ ըմբռնելու եւ մեկնութիւններ կատարելու այդ մասին։ Սակայն յստակ պատգամ մը կայ, որ կ՚ըսէ թէ՝ այր եւ կին մէկ մարմին եւ մէկ հոգի պիտի ըլլան։ Այդ պատճառով է, որ զոյգեր կը մօտենան խորանին՝ իրենց ուխտը կը կատարեն Աստուծոյ առջեւ ու կը ստանան Անոր օրհնութիւնը։ Ուրեմն, պսակը խորհուրդ է՝ եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն մին։ Տեսանելի ո՛չ մէկ բան կայ այդ զոյգին վրայ, երբ կը պսակուին։ Իսկ երբ դուրս կ՚ելլեն եկեղեցիէն, անտեսանելիօրէն, կապուած են անոնք աշխարհի վրայ եւ այնպէս երկնքի մէջ եւ այլեւս իբրեւ մէկ մարմին կը գոյատեւեն։ Այս էր, որ Քրիստոսի ժամանակակից հաւատացեալներ սխալ կը տեսնէին, չէին ըմբռներ մէկ մարմին ըլլալու գաղափարականը։
Քրիստոս այսօր մեզ կը հրաւիրէ ինքնագիտակցութեան, թէ Աստուած ի՞նչ կ՚ուզէ մեզմէ։ Ամուսնական կեանքը լաւապէս հասկնալու համար մենք պէտք է դիտենք մեր անհատական կեանքը։ Օտար արժէքներու ծանօթանալ եւ մոռացութեան ենթարկել մեր տոհմիկ, հոգեւոր, ընտանեկան ու մշակութային արժէքները եւ մօտենալ օտարին։ Դասել նման արժէքներ երբեմն աւելի բարձր քան՝ մեր ունեցածները։ Ահա՛ւասիկ ինքնագիտակցութեան կորուստ։
Քրիստոս այսօր մեզ կը հրաւիրէ զոհողութեան գիտակցութեան։ Մենք ի՞նչ զոհողութեամբ կը գործենք այս աշխարհի վրայ։ Ամէն մարդ իր զոհողութեան սահմանները ունի։ Զոհողութիւններ՝ ընտանիք պահելու, համայնքային կեանքը շարունակելու, մեր հաստատութիւնները բաց պահելու, մեր հոգեւոր արժէքները, մշակութային արժէքները փոխանցելու։ Սակայն, մենք միշտ կը սպասենք թէ ուրիշներ զոհողութեամբ մօտենան։ Ո՛չ ոք պատրաստ է, մեծաւ մասամբ, զոհողութիւն ցուցաբերելու։ Առանց զոհողութեան կարելի չէ նաեւ այր եւ կնոջ միասնութիւնը։
Քրիստոս այսօր մեզ կը հրաւիրէ սիրոյ գիտակցութեան։ Յովհաննէս Աւետարանիչ կ՚ըսէ. §Աստուած սէր է¦ եւ քանի որ Աստուած սէր է, մենք Աստուծոյ հետ կը բնակինք եւ Աստուած մեր հետ՝ երբ լեցուած ենք սիրով։ Որքանո՞վ արդեօք մեր կեանքին մէջ տեղ կը գրաւէ այսօր Աստուած։ Եթէ մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ տեղ չի գրաւեր Քրիստոս, երբեք պէտք չէ սպասել որ ամուսնական յարկերէ ներս տեղ գրաւէ Քրիստոս եւ երջանկութիւն գոյանան այդ յարկերուն մէջ։
Երջանկութիւնը փոխհասկացողութեամբ, գիտակցութեամբ, զոհաբերումով եւ սիրով է որ յառաջ կու գայ։
Ուրեմն, պէտք է գիտակցինք նաեւ, թէ մեր ընտանիքին իրաւ հայրն է Աստուած։ Մեր ընտանիքին ուղղութիւն տուողն է զՔրիստոս՝ սէր ներարկողը, մեզի զոհողութեան առաջնորդողը։ Եւ երբ մենք միացած կը մնանք Քրիստոսի, այլեւս մեր առջեւ ո՛չ մէկ արգելք կը մնայ երջանկութեան, հաւատքի եւ սիրոյ հիմերուն վրայ ամրապնդուելու համար։
Եկէ՛ք ուրեմն, սիրելի հաւատացեալներ, այս զգացումներով մենք այսօր աւելի կեդրոնանանք մեր ընտանեկան յարկերու երջանկութեան վրայ։ Հեռու չմնանք եկեղեցւոյ երդիքէն, մեր մշակութային արժէքներէն եւ դառնանք մէկ ժողովուրդ, նոյն հաւատքի տէր մարդիկ եւ այդպիսով փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։
ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏ
|