ՔԱՐՈԶ
§Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ,
որպէսզի անոր հաւատացողը
յաւիտենական կեանք ունենայ¦
(Յհ 3.14)
Յովհաննէս Աւետարանիչ գեղեցկօրէն կը ներթափանցէ խաչի անգերազանցելի խորհուրդին եւ մենք քանի մը սեղմ տողերու մէջ կը գտնենք այսօրուան իմաստը։
Խաչը ամենաբարձր երեւելի արժէքն է քրիստոնեայ հաւատացեալին համար։ Ցաւի ու տառապանքի գործիքն էր, որ պիտի վերածուէր ուրախութեան ու սրբութեան բաղձալի նշանի մը, անոր պատճառած արցունքը տեղը պիտի ձգէր բերկրութեան։ Այո՛, Խաչը տարբեր իմաստ ստացաւ, որովհետեւ Քրիստո՛ս անցաւ այնտեղէն՝ բանալով նոր կեանքի մը ճանապարհը։ Այսպիսով սրբագործուեցաւ խաչը եւ սկսաւ յիշեցնել մեզի նոր կեանքը, յաւիտենական կեանքը։ Այն կեանքը պարգեւելու միակ ու անպայմանօրէն իրագործելի ճամբան էր Քրիստոսի խաչին վրայ բարձրանալը։
Բարձրանալու գաղափարը Քրիստոնէութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի։ Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ պղնձեայ օձը բարձրացուց, որպէսզի թունաւորուածներ բժշկուին, այնպէս ալ Քրիստոս խաչին վրայ բարձրացաւ, որպէսզի մարդիկ բժշկուին՝ անոնք, որոնք իրենց անապատացած հոգիներուն մէջ թոյն ունին։ Այսօր է, որ մենք աղօթքով ու պահեցողութեամբ առողջութիւն կը խնդրենք Տիրոջմէն՝ մեր հոգիներուն ու մարմիններուն համար. հսկում կը կատարենք ու կ՚աղօթենք ի սրտէ։
Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի մեզի։ Ինչպէ՞ս կարելի է բարձրանալ ու հասնիլ այդ Աստուածային բարձրութեան։ Քրիստոս եկած էր բարձրանալու խաչին վրայ, հրաւիրելու եւ բարձրացնելու Իրեն հաւատացողները դէպի այն կատարելութիւնը։
ա. Բարձրանալու համար առաջին պայմանն է զոհողութիւնը։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ՝ §Քրիստոս մեզ սիրե՛ց եւ մեզ փրկելու համար ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս զոհ¦ (Եփ 5.2)։ Սիրո՛յ արդիւնքն է զոհողութիւնը եւ Խաչի խորհուրդին բանալին է ան։ Քրիստոս ինքզինք ընծայելու զոհողութիւնը ցուցաբերեց։ Մենք, այսօր, յանձն չենք առներ դոյզն իսկ զոհողութիւն, կ՚ուզենք ունենալ ամէն ինչ առանց ջանք թափելու՝ պատրաստ, անվճառ։ Փոխարժէք տալու գաղափարը այնքան հեռու է մեզմէ, որ կը դժուարանանք հասկնալու, թէ Քրիստոս որքա՜ն մեծ զոհողութիւն մը ըրաւ, թէ որքա՜ն բարձր գին մը վճառեց մեզի համար։ Պէտք չէ միայն խնդրենք Աստուծմէ, այլ՝ տանք փոխարէնը։ Քրիստոս այսօր մեր իւրաքանչիւրէն այնքան ալ մեծ զոհողութիւն չի պահանջեր. միայն սիրել զԱստուած, սիրել մեր բարեկամներն ու նաեւ մեզ ատողները. սիրել խաչը՝ զոհողութեան խորհրդանիշը, ինչպէս ինք սիրեց եւ այդ ճամբէն ընթանալու հրաւիրեց մեզ։ Իր այդ զոհողութեամբ բարձրացաւ խաչին վրայ ու նաեւ դէպի վեր տանող դուռը լայն բացաւ մեր առջեւ։
բ. Բարձրանալու համար երկրորդ պայմանն է համբերութիւնը։ Սուրբ Գիրքը համբերութեան անհամար օրինակներով ու պատգամներով լեցուն է։ Սակայն մէ՛կ օրինակ, մէ՛կ կենդանի օրինակ միայն բաւարար է՝ զՔրիստոս։ Ան համբերեց նախատինքներու, Ան համբերեց հալածանքներու, Ան համբերեց չարչարանքներու եւ վերջապէս, Ան համբերեց մահուան։ Համբերութեան գերագոյն օրինակը հանդիսացաւ մեզի ու ըսաւ՝ §Ձեր համբերութեամբ պիտի փրկէք ձեր հոգիները¦ (Ղկ 21.19)։ Մենք ի՞նչ բանի եւ որքանո՞վ կը համբերենք այսօր։ Որքա՞ն կը համբերենք աննշան նեղութիւններու դիմաց իսկ։ Եւ Ան, համբերելով բարձրացաւ խաչին վրայ ու նաեւ համբերութեան անգերազանցելի օրինակը հանդիսացաւ մեզի։
Եկէ՛ք, սիրելի ժողովուրդ, այսօր յիշենք այն ուխտը, որ Քրիստոս կնքեց խաչին վրայ՝ Իր սրբարար արիւնով եւ մաքրագործեց մեր լճացած մեղքերը. բարձրացաւ խաչին վրայ ու բարձրացաւ խաչէն ալ վեր, որպէսզի բարձրացնէ նաեւ մեզ. եւ ըրաւ այս ամէնը կամաւորապէս՝ զոհողութեան հոգիով։
Եկէ՛ք, այսօր սկսինք պայքարիլ, որպէսզի մեր գերի դարձած խաչը ազատագրենք։ Մենք եւս ի՞նչ բանի պէտք ունինք, այս դարուս, եթէ ոչ գերութենէ ազատել մեր խաչը, բարձր պահել մեր կեանքին ընթացքին ու զետեղել իր արժանի բարձրութեան, նաեւ տէր եւ պահապան կանգնիլ այդ Քրիստոսաւանդ սրբութեան։
Եկէ՛ք այսօր, համբերութեան ու զոհողութեան հոգիով գամենք մեր մեղքերը, սնոտի խաբէութիւններն ու ցանկութիւնները խաչին վրայ, ուր անոնք պիտի ծաղկին եւ վերածուին բարձր արժէքներու։ Ազատենք մեր հոգիները խաւարին գերի ըլլալէ ու վերացնենք առ Աստուած։ Աւիշ ստանանք իր կենդանարար արեան կաթիլներէն, որ §յաղագս մեր եւ բազմաց հեղանի¦։ Ձայնակցինք շարականագրին, եւ §ցնծութեամբ երգենք¦, ըսելով՝ §Զօրութիւն սուրբ խաչի քո Քրիստոս, որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի. սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ¦. Ամէն։
Թաթուլ Ծ. Վարդապետ
|