Քա՛ւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն:
(Գաղատ. 6.14)
 

Արխիվ
Փաստաթուղթեր
Կարճ լուրեր
Եկեղեցական
Համայնքային
Միջեկեղեցական
Միջկրօնական
Կրօնական
Աշխարհական








ՔԱՐՈԶ

(15 Նոյեմբեր 2009)

 

Ձերբազատիլ

երեւոյթներով դատելէ եւ

անհանդուրժողութենէ

 

Այս օրուայ Աւետարանական պատգամներէն մին է Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ։ Առաքեալներ կը մօտենան Տիրոջ եւ կը պատմեն մարդու մը մասին թէ ան Յիսուս Քրիստոսի անունով դեւեր կը հալածէր։ Իսկ առաքեալներ, քանի որ ան իրենց հետ չէր պտըտեր արգիլած էին իրեն, որպէսզի ան չընէր այն ինչ, որ կը կատարէր։ Յայտնի չէ թէ անոնք ինչ բան կ՚արգիլէին՝ դեւ հալածելը կամ Տէր Յիսուսի անունը գործածելը։ Սակայն աւելի կը թուի թէ՝ անոնք կը ջանային արգիլել որպէսզի այդ մարդը չգործածէր Տէր Յիսուսի անունը։ Տիրոջ պատասխանը ցնցիչ է. §Մի՛ արգիլէք. Որովհետեւ ան, որ մեզի հակառակ չէ. մեր կողմէն է¦ (Ղուկաս 9.50)։

 

Դժբախտաբար կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր մարդիկ չափազանց տարուած են երեւոյթներով։ Ամէն ինչ կը կայանայ երեւոյթներու վրայ։ Շա՜տ կարեւոր է, թէ ինչ կը հագուինք, ինչպէս կը խօսինք, ինչքան բան գիտենք, ինչքան գեղեցիկ ենք եւլն…։ Եթէ մէկը այս երեւոյթներուն չի հարմարիր կը նկատուի որպէս լուսանցքային անձնաւորութիւն։ Կը մերժուի կամ կը նախատուի կամ կը մեկուսացուի։

 

Նմանապէս բարոյականութիւնն ալ երեւոյթներու վրայ հիմնուիլ սկսած է։ Ներքին կեցուածքէ կամ սիրոյ արտայայտութիւններէ աւելի, օրէնքները կիրարկելու եւ ձեւերն ու սովորութիւնները տեղը բերելու վրայ է բարոյական կեանքը։ Հաւանաբար այդ է պատճառը, որ ձեւապաշտական այս բարոյականութիւնը հսկայ անկում մը կ՚ապրի եւ անբարոյականութիւնը շարունակաբար կը տարածուի եւ բնականոն կը դառնայ։ Քանի որ պարզ երեւոթներ են, չեն կրնար համոզել միտք մը, որ կը սիրէ մտածել։ Եւ եթէ այդ մտածող միտքը կը վարակուի մարդկային հաճոյքէ կամ կիրքերէ կրնայ մոռնալ բարոյական ամեն տեսակ ձեւ կամ օրէնք։ Բնական է։

 

Սակայն այս բոլորէն աւելի սարսափելին գոյութիւն ունի։ Ձեւապաշտութիւն կամ երեւոյթներով դատել կամ իշխանամոլութիւն՝ եկեղեցական կամ հաւատքի կեանքի մէջ։ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը առլեցուն է ձեւականութեան եւ իշխանամոլութեան ահաւոր կործանիչ գործունէութիւններու արձանագրութիւններով։ Մարդիկ, ժողովուրդներ, եկեղեցականներ մինչեւ իսկ պետութիւններ ու եկեղեցիներ կռուած, զիրար չարչարած եւ սպաննած, պատերազմած ու կործանած են։ Այս խօսքով չէ որ կ՚ակնարկեմ զանազան կրօնքներու կամ երկիրներու միջեւ եղած պատերազմներու մասին, այլ՝ այն անհանդուրժողութեան մասին, որ նոյնինքն կը յայտնուի քրիստոնեաներու, նոյնիսկ նոյն եկեղեցւոյ անդամներուն միջեւ։ Չենք հանդուրժեր մեր գիտցած ու մեր սովոր եղածէն զատ որեւէ բանի։ Սա է ամէնասարսափելին։ Քանի որ բոլորը կը կատարուին որպէս թէ Աստուծոյ համար կամ Աստուածային իշխանութեամբ։

 

Նոյնն էր պարագան երբ առաքեալներ կ՚արգիլէին անձի մը, որ Տէր Յիսուսի անունով դեւեր կը հանէր։ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, թէ ան դեւերը կը հանէր, ոչ թէ կը ջանար կամ կը փորձէր, այլ՝ կը հանէր։ Այսինքն մարդիկ, Տիրոջ անունով կ՚ազատագրէր։ Տիրոջ գործը կը կատարէր։ Սակայն առաքեալներ անիմաստ նախանձախնդրութեամբ մը կ՚արգիլէին եւ յետոյ ալ կը պատմէին Տիրոջ, թէ արգիլած էին զայն։ Տէրը պիտի ըսէր §Մի՛ արգիլէք. Որովհետեւ ան, որ մեզի հակառակ չէ, մեր կողմէն է¦։ Նաեւ Մարկոսի Աւետարանը ունի հետեւեալ նշումը. §որովհետեւ չկայ մէկը՝ որ իմ անունովս հրաշք գործէ ու կարենայ շուտով զիս անիծել¦ (Մարկոս 9.38)։

 

Նոյնը պատահած էր Մովսէսին։ Երբ մարդիկ եկան ու ըսին թէ նաեւ երկու հոգի կը մարգարէանային բանակատեղիին մէջ, ան ըսած էր. §որո՞ւն համար է ձեր նախանձախնդրութիւնը՝ Աստուծոյ կամ ինծի համար։ Երանի բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդը ինծի պէս ըլլար¦։ Ու Սուրբ Գիրքը անմիջապէս կը նշէ թէ աշխարհի վրայ Մովսէսէն աւելի խոնարհ մէկը չկար։

 

Այո սիրելիներ, ինչ է մեր կեցուածքը, երբ կը հանդիպինք մէկու մը, որ մեր հասկցած կամ ընդունած ձեւէն կամ իշխանութենէն տարբեր ձեւով կը գործէ, սակայն իր գործով կը փառաբանուի Տէր Յիսուսի անունը, մարդիկ կ՚ազատագրուին, Տէրը կը ճանչնան, եկեղեցական կեանքը կամ հաւատացեալը կը զօրանայ… այսինքն Աստուծոյ գործը կը կատարուի։ Ի՞նչ կ՚ընենք։ Աւետարանը մեզի կու գայ յիշեցնելու Տիրոջ խօսքը. §Մի՛ արգիլէք. որովհետեւ ան, որ մեզի հակառակ չէ, մեր կողմէն է¦։ Նաեւ §որովհետեւ չկայ մէկը՝ որ իմ անունովս հրաշք գործէ ու կարենայ շուտով զիս անիծել¦։ Զգո՛յշ, չըլլայ որ օր մը մենք զմեզ գտնենք Աստուծոյ անունով, Աստուծոյ դէմ գործող մարդկանց մէջ։ Ինչպէս Տէրը ըսաւ. §Այս բաները խօսեցայ ձեզի՝ որպէսզի չգայթակղիք։ Իրենց  ժողովարաններէն պիտի վռնտեն ձեզ. նոյնիսկ ժամը պիտի գայ, երբ ո՛վ որ սպաննէ ձեզ՝ այնպէս պիտի կարծէ թէ պաշտամունք կը կատարէ Աստուծոյ։  Եւ այս բաները պիտի ընեն ձեզի, որովհետեւ ո՛չ  Հայրը ճանչցան, ո՛չ ալ՝ զիս։¦ (Յովհաննէս 16.1-3)։

 

Գործի մը Աստուածահաճոյ ըլլալուն գլխաւոր չափանիշն է, թէ արդեօք այդ կատարուած գործով մարդիկ աւելի կը մօտենա՞ն Աստուծոյ, կը փառաւորուի՞ Աստուծոյ անունը, եկեղեցին կը պայծառանա՞յ ու կը սրբանա՞յ եւ կը զօրանա՞յ։ Եթէ ոչ Աստուծոյ կողմէ մերժելի է մէր կատարածը։ Սակայն եթէ կը կատարուին վերոյիշեալները, այդ քան ալ կարեւոր չէ ձեւը, քանի որ Աստուած կ՚ընդունի եւ կ՚օրհնէ զայն։

 

Տէրը մեր բոլորին իմաստութիւն պարգեւէ, որպէսզի Անոր կամքը ուղիղ կատարողներէն ըլլանք։

 

Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան

ՕՐԱՑՈՅՑ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԻ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (27 Դեկտեմբեր 2009)
Ապրիս բարի ծառայ (Ղուկաս 19.17)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Նոյեմբեր 2009)
Ձերբազատիլ երեւոյթներով դատելէ եւ անհանդուրժողութենէ
Շար.

ՔԱՐՈԶ (13 Սեպտեմբեր 2009)
"Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ" (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (16 Օգոստոս 2009)
Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի (Ղուկաս 1.38)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Օգոստոս 2009)
Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են
Շար.

ՔԱՐՈԶ (2 Օգոստոս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Յուլիս 2009)
Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան բայց Յիսուս (Մատթ. ժէ.8)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (12 Յուլիս 2009)
Դուք տուէք անոնց Ուտելիքը (Մատթ. 14.16)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Յուլիս 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Յունիս 2009)
Ահա Յովնանէն մեծը կայ հոս (Մատ. 12.41)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Յունիս 2009)
Տաճարէն աւելի մեծը կայ այստեղ (Մատ. 12.6)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Մայիս 2009)
Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան (Յովհ. 9.39)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Մայիս 2009)
Ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ (Յհ. 7.18)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Մայիս 2009)
Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար (Յովհ. Ե. 29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Ապրիլ 2009)
Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, եթէ մէկը դարձեալ չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել (Յով. 3.3)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Ապրիլ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (22 Մարտ 2009)
Շնորհեա մեզ յամենայն ժամ լինել քեզ յանդիման մաքուր աղօթիւք (Շարական)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Մարտ 2009)
Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէք, որպէսզի երբ այդ պակսի՝ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ (Ղուկաս 16.9)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Մարտ 2009)
Տո՛ւր ինչքերէդ ինծի ինկող բաժինը (Ղուկաս 15.12)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Մարտ 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (15 Փետրուար 2009)
Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ (Յովհ. 7.37)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (8 Փետրուար 2009)
§Աստուծոյ գործը ա՛յս է. որ հաւատաք անոր զոր ան ղրկեց¦ (Յհ. 6.29)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (1 Փետրուար 2009)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (14 Դեկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (9 Նոյեմբեր 2008)
Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի (Ղուկաս Ը.50)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (26 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (19 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (5 Հոկտեմբեր 2008)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (28 Սեպտեմբեր 2008, Վարագայ Խաչ)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (21 Սեպտեմբեր 2008)
Շար.

ԱՊԱՒԻՆԻԼ ԽԱՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի Անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ (Յհ 3.14)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (31 Օգոստոս 2008)
"Ինչո՞ւ այսքան վախկոտ էք"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (24 Օգոստոս 2008)
"Երանի որ հաւատայցէ, եթէ եղիցի կատարումն խոստացելոց նմա ի Տեառնէ" (Ղկ. 1.45)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (17 Օգոստոս 2008)
"Ողջոյն քեզ, ով շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է: Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես" (Ղուկ. Ա.28)
Շար.

ՔԱՐՈԶ (10 Օգոստոս 2008)
"Որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են"
Շար.

ՔԱՐՈԶ (3 Օգոստոս 2008)
Ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ընդունի (Յով. 6.47)
Շար.

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Ս. Մարիամ Աստուածածնի հետ կապուած տօները, ի տարբերութիւն միւս Սուրբերուն, կը տօնէ Կիրակի օրերը՝ որպէս Տէրունի օրեր, որովհետեւ եկեղեցին Մարիամ Աստուածածինը կը նկատէ որպէս §Եկեղեցւոյ Մայրը¦ եւ անոր կ՚ընծայէ յատուկ կարեւորութիւն: Իսկ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եկեղեցւոյ կողմէ դասուած է Տաղաւար տօներու շարքին՝ յատուկ մեծարանքով նշելու համար անոր սուրբ յիշատակը:
Շար.

Հիմնական էջ | Մեր մասին | Կապ | Oգնութիւն
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr