ՔԱՐՈԶ
27 Դեկտեմբեր 2009
§Ապրիս բարի ծառայ¦
(Ղուկաս 19.17)
Մեր եկեղեցւոյ հայրերը մեծ իմաստութեամբ տարուայ վերջին կիրակիին դրած են Աւետարանական այնպիսի բաժին մը, որ մեզ կը հրաւիրէ մտածելու կարեւոր ու կենսական նիւթի մը մասին. §Ինչ բանի վրայ դնել մեր յոյսը¦։
Առակը, որ Տէր Յիսուս կը պատմէ, առնուած է Ղուկասու Աւետարանին 19-րդ գլուխէն ու կը խօսի ազնուականի մը մասին, որ նախ քան իր մեկնումը ծառաները կը կանչէ ու իւրաքանչիւրին դրամ կու տայ որպէսզի շահարկեն, միչեւ իր վերադարձը։ Ապա կը մեկնի, թագաւորական իշխանութիւն կը ստանայ ու ետ վերադառնալով հաշուեյարդարի կը նստի իր ծառաներուն հետ։ Նաեւ բոլոր այն մարդոց, որոնք իր բացակայութեան մերժած էին իր թագաւորութիւնը, կոտորել կու տայ։ Այս բաժինը կարելի է կոչել հաշուեյարդարի ուսուցում ու մեզ կը հրաւիրէ մտածելու մեր կեանքին մասին։
Տիրոջ ողորմութեամբ կը բոլորենք տարի մը եւս ու արդէն իսկ կը պատրաստուինք դիմաւորելու նոր տարի մը։ Միշտ յոյսը կ՚ունենանք, թէ նոր տարին մեզի բարիք, առողջութիւն, յաջողութիւն եւ այլ սպասումներ պիտի բերէ։ Մեր մաղթանքը միշտ նոյնը կ՚ըլլայ երբ նոր տարուայ գիշերին կը շնորհաւորենք զիրար։ Թէեւ չենք փափաքիր նոր տարուայ ուրախութիւնը նսեմացնել ձեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ, բայց եւ այնպէս չենք ալ հաւատար թէ պարզապէս օրացոյցի թիւին փոփոխմամբ, ամէն ինչ ալ իր հետ կը փոխուի։ Իսկապէս նման մտածում մը ունենալ կը խորհինք թէ շատ պարզամտութիւն կ՚ըլլայ։ Կը յիշենք 2000 թուականը դիմաւորելու պատրաստուած օրերը, երբ մարդիկ սկսած էին հաւատալ թէ նոր հազարամեակը իր հետ պիտի փոխէր ամէն ինչ, եւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան եւ բարօրութեան շրջան մը պիտի սկսէր։ Արդէն իսկ տասը տարիներ անցած են նոր հազարամեակէն եւ թողունք խաղաղութեան եւ բարօրութեան շրջան մը վայելելը, բոլոր աշխարհը անհաւատալի տագնապներու, պատերազմներու, համաշխարհային տնտեսական անկայունութեան եւ ընկերային անհաւասարակշռութեան խորացման շրջանի մը հետ դէմ յանդիման մնաց։ Հազարամեակի վրայ հիմնուած բոլոր յոյսերը խափանեցան եւ բոլոր սպասումները խոր մտահոգութեան վերածուեցան։ Այս տարի եւս նոյն երեւոյթները ապրեցանք՝ ամենուրեք։ Եւ նոր տարիի գիշերին դարձեալ զիրար պիտի շնորհաւորենք եւ բարեմաղթութիւններ պիտի ընենք, յոյս ունենալով թէ նոր տարին պիտի փոխէ ամէն ինչ։ Դժբախտաբար նոր տարին ոչ ինչ պիտի կարենայ փոխել սիրելիներ։
Բնականաբար չենք ուզեր ըսել, թէ պէտք չէ յոյս ունենանք։ Ո՛չ։ Բնաւ երբէք. մեր յոյսը պէտք չէ կորսնցնենք։ Յոյսը ապագայի մասին վստահութիւն ունենալ կը նշանակէ։ Առանց յոյսի բոլորովին կը կորսնցնենք մեր ապրելու կարողութիւնը եւ գոյատեւելու իմաստը։
Սակայն յոյսը պէտք է ըլլայ ուղիղ։ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ թէ՝ §յոյսը ամօթահար չ՚ըներ¦ (Հռովմ. 5.5)։ Յոյսը անհրաժեշտ է։ Սակայն պէտք է ուշադիր ըլլանք թէ, մեր յոյսը ինչ բանի վրայ կը դնենք։ Մեր սեպհական կարողութիւններու՞ն վրայ, կամ մեր հարստութեա՞ն, ազգականներո՞ւն, կամ ընկերային դիրքի՞ն … Պատմութիւնը յուսախաբութեան հազարաւոր դառն փորձառութիւններով լեցուն է, որոնք մեզի բնաւ յոյս չեն ներշնչեր։ Դիւրաւ կը կորսուին մեր կարողութիւնները, հարստութիւնը շատ դիւրին կրնայ վերածուիլ աղքատութեան, մեր ազգականները կրնան մեզմէ հեռանալ, մեր ընկերային դիրքը կրնայ մէկ օրէն միւսը փոխուիլ։ Բայց եթէ մեր յոյսը կը դնենք Յիսուս Քրիստոսի վրայ ան բնաւ չի փոխուիր։ Ան խոստացած է մեզի հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհի վախճանը (Մատթէոս 28։ 20)։ Ան ըսած է §Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. ես չեմ տար ձեզի ա՛յնպէս՝ ինչպէս աշխարհը կու տայ։ Ձեր սիրտը թող չվրդովի ու չերկնչի։ Լսեցիք թէ ըսի ձեզի. Ես կ՚երթամ, բայց դարձեալ պիտի գամ ձեզի։¦ (Յովհաննէս 14.27-28)։
Ուրեմն կատարեալ հաւատքով մեր յոյսը դնենք, Անոր՝ Տէր Յիսուսի խոստումներուն եւ ուսուցումներուն վրայ։ Եւ այս բարի ու հաւատարիմ ծառաներուն նման արժեւորենք անոր մեզի տուած կարողութիւնները Անոր խօսքերուն եւ ուսուցումներուն վրայ։ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ թէ §յոյսը ամօթահար չ՚ըներ¦, սակայն յոյս մը, որ իր հետ չունի սպասումին բերած գործն ու հաւատարմութիւնը, պատրաստութիւնը ու աշխատութիւնը, կարելի՞ է կոչել յոյս։ Չենք կարծեր։
Եկէք սիրելիներ. նոր տարուայ սեմին մեր կեանքը քննենք ու հաշուեյարդարի ենթարկենք զայն եւ հարց տանք, թէ կ՚ապրի՞նք արդեօք Քրիստոսի գալուստը սպասող ճշմարիտ ու հաւատարիմ քրիստոնեայի կեանք մը։
2010 թիւը թող շնորհաբեր տարի մը ըլլայ մեր բոլորիս։ Ամէն։
ՏՐԴԱՏ ՔՀՆՅ. ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ
|