ԱՄՆ-ՈՒ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ
Ա.Մ.Ն.ու Աւագ Հիւպատոս Շէրըն Ա. Ուիընըր, որ աւարտեց իր Ստանպուլի պաշտօնավարութեան շրջանը, 13 Յուլիս 2010, Երեքշաբթի միջօրէին հրաժեշտի այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց իրեն յետագայի պաշտօններուն մէջ։
|