The LORD tests the righteous, and He hates the wicked and the one who loves violence.
Psalm 11:5
 

Archive
Documents
Church
Community
Ecumenical
Inter-Religious
Religious
Temporal








ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԷԿԷՄԷՆ ՊԱՂԸՇ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

 

Պետական Նախարար Էկէմէն Պաղըշ 24 Յուլիս 2010, Շաբաթ ժամը 12.00ին ուղեկցութեամբ ԱԳ Կուսակցութեան Ֆաթիհի շրջանի նախագահ Ահմէտ Պահա Էօղիւթկէնի Պատրիարքարան այցելեց։ Մեծայարգ Նախարարին կողակիցը, որ պիտի ուղեկցէր իրեն, անհանգստութեան պատճառաւ չկրցաւ ներկայ գտնուիլ։

 

Մեծայարգ Նախարարը Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Սրբազան Հօր բարի գալստեան խօսքէն ետք Նախարար Պաղըշ շնորհաւորեց Նորին Սրբազնութիւնը իր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ընտրութեան առթիւ։ Ան փափաք յայտնեց նաեւ այցելել Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք հայրը, ուր ընդունուեցաւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի կողմէ։ Մեծայարգ Նախարարը այստեղ անդրադարձաւ Պատրիարք Հօր համայնքին ու երկրին մէջ ունեցած արժէքին եւ յատկապէս Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար ցուցաբերած անմոռանալի աջակցութեան։ Ան բարեմաղթութիւններ ըրաւ Տիրամօր եւ առողջութիւն մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։

 

Ապա, Նախարար Պաղըշ եւ իր ուղեկիցը մտերմիկ ճաշասեղանով ջերմ մթնոլորտի մէջ հիւրասիրուեցան Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Այս ոչ-պաշտօնական այցելութենէն ետք, Նախարար Պաղըշ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար ու գոհ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։


Home | About | Contact | Help
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr