The LORD tests the righteous, and He hates the wicked and the one who loves violence.
Psalm 11:5
 

Archive
Documents
Church
Community
Ecumenical
Inter-Religious
Religious
Temporal








ՈՒՍԱՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷæ

 

Միջազգային Ռազմավարութեան Հետազօտութեան Հիմնարկ՝ §ՈՒՍԱՔ¦ի ներկայացուցիչներ 26 Յուլիս 2010, Երկուշաբթի, ժամը 16.00ին Պատրիարքարան այցելեցին եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպսկ. Աթէշեանի կողմէ։

 

Սրբազան Հօր բարի գալստեան խօսքէն ետք անոնք յայտնեցին, թէ ՈՒՍԱՔի եւ Միջին Արեւելեան Յարաբերութեանց հետ համագործակցաբար ընթացող ծրագիր մըն էր, որ կը մշակէին։ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ ընկերային կառոյցին հետ առընչուած սոյն ծրագրին մաս կը կազմէր նաեւ Հայոց Պատրիարքարանի եւ Համայնքի գործունէութիւնները, որոնց մասին տեղեկութիւններ խնդրեցին Նորին Սրբազնութենէն։

 

Սրբազան Հայրը Պատրիարքական Աթոռոյ, Համայնքային ու հոգեւոր գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն։ Ապա, մի առ մի պատասխանեց իրենց հարցումներուն։

 

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած զրոյցէն ետք պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ու գոհ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։


Home | About | Contact | Help
Copyright © 2004 Lraper Org - info@lraper.org
Designed by Gordion Bilgi Hizmet Ltd. Sti. - www.gordion.com.tr